Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Ուահտէ Շուֆ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 66-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Քատմուսը, հանդիսացաւ Դ. դասակարգի ախոյեան:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Արզ Թաննուրին 80-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթ Ֆիլը:
Աւարտական մրցումի աւարտին, ախոյեան Ուահտէ Շուֆ իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ լիբանանեան պասքեթպոլի դաշտերու նախագահ Էլի Խալիլէն:
Այսպիսով, Ուահտէ Շուֆ, Քատմուս եւ Արզ Թաննուրին բարձրացան Գ. դասակարգ, մինչ երրորդ տոմսին համար փլէյ օֆի մրցում մը տեղի պիտի ունենայ Սփորթ ֆիլի եւ «ԷՕ. ԷՆ. ՊԷ.»-ի միջեւ (Գ. դասակարգ):


