Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան, բաժակակիր եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր, Եւրոպայի գերբաժակակիր Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
52 տարեկան քաթալոնացի մասնագէտը վերջին շրջանին մէջքի զօրաւոր ցաւեր ունենալով շատ արագ կերպով վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Պարսելոնայի մէջ:
Անոր վերականգնողական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ:
Յառաջիկայ մրցումներուն ընթացքին Սիթիի մարզիչի պաշտօնը պիտի կատարէ անոր օգնականը` Խուանմա Լիլլօ: