Խըրխըզիստանի մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աշխարհի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան, մրցումներուն առաջին օրը տիրացաւ երկու պրոնզ մետալի:
64 քկ դասակարգին մէջ Արթուր Մանուկեան տիրացաւ առաջին մետալին, մինչ երկրորդ մետալին տիրացաւ արցախցի Վահագն Չալեան` 88 քկ դասակարգի մրցումներուն: