Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի փարա-ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Խորէն Ծատուրեան, մեծապէս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը:
Ծատուրեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 49 քկ դասակարգի մրցումներուն, յաջողեցաւ տիրանալ մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալի:


