Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի նորեկ ֆութպոլիստ, հարաւային քորէացի միջնապահ Լի Քանկ-Ին վիրաւորուեցաւ:
Փարիզեան ակումբը նշեց, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի շուրջ երեք շաբաթ:
22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վիրաւորեց իր ազդրին մկանը, այս ամրան ընթացքին Մայորքայէն փոխան 22 միլիոն եւրոյի միացած էր Սեն Ժերմենին:
Նշենք, որ ան իր ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանի առաջին երկու հանգրուանի մրցումներուն: