Արսենալի եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Թիերի Հանրի նշանակուեցաւ Ֆրանսայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ իր նոր պաշտօնը ստանձնելով, այժմ Հանրի սկսաւ իր նախապատրաստական աշխատանքներուն` Փարիզ-2024-ի ողիմպիական խաղերուն համար:
Ան մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի հրապարակէ 2002-ի ծնունդ իր կազմին մարզիկները, պատրաստուելու համար յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուած մրցումներուն համար:
Նշենք, որ 46 տարեկան Հանրի իբրեւ գլխաւոր մարզիչ գլխաւորած է Մոնաքոն եւ Մոնրէալը, ինչպէս նաեւ երկար ժամանակ եղած է Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչին օգնականը:


