Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Անորթոսիսի (Կիպրոս) յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Նոային հետ:
Նշենք, որ Նոա, տպաւորիչ ձեւով մը սկսաւ Հայաստանի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանը` իր կատարած առաջին երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելով եւ ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը:
Համբարձումեան, որ կիպրական կազմին միացաւ 2020-ին, անոր հետ 86 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 12 էսիսթ:


