Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կրտսեր տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստան ապահովեց 13 մետալ, ինչ որ այս տարիքային դասակարգին մէջ մրցանշային է հայկական կռփամարտի պատմութեան համար:
Լիաննա Ժամհարեան արդէն իսկ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ինչպէս նաեւ ապահովեց նուազագոյնը արծաթ մետալ մը:
Աղջկանց մրցումներուն, Աստղիկ Խաչատրեան բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով:
Համեստ Աֆրիկեան (46 քկ) եւ Անահիտ Յարութիւնեան (48 քկ) կը պայքարին աւարտական հանգրուանի տոմս մը ապահովելու համար:
Աւարտական հանգրուանի տոմս ապահովելու համար կը պայքարին նաեւ հայրենի 9 մարզիկներ: