Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արսէն Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ խումբի նոր գլխաւոր մարզիչ:
34 տարեկան մասնագէտը երկար տարիներ աշխատած է ակումբին մէջ` սկսելով մանկապատանեկան խումբերէն, հասնելով մինչեւ երկրորդ խումբ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան կը գլխաւորէր Շիրակ-2-ը:
Այս շաբաթասկիզբին Շիրակի գլխաւոր մարզիչ Էտկար Թորոսեան, որ ապրիլ 2020-ին նշանակուած էր մարզիչ, ներկայացուց իր հրաժարականը:


