Ֆրանսական Մոնփելիէի գլխաւոր մարզիչ հայազգի Միշէլ Տէր Զաքարեան ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզաթերթին կողմէ ընդգրկուեցաւ «Լիկ-1»-ի 2-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:
2-րդ հանգրուանի մրցումներուն անոր գլխաւորած կազմը Լիոնի դաշտին մէջ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ տարեշրջանի բացման մրցումին անիկա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Լը Հաւրի դաշտին մէջ:
Նշենք, որ 60 տարեկան Միշել Տէր Զաքարեան, Մոնփելիէի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ 8 փետրուար 2023-ին:
Կիրակի, 27 օգոստոսին, 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մոնփելիէ պիտի հիւրընկալէ Ռեմսը:


