Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի 0-20
Երկուշաբթի գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 6-րդ հանգրուանին գծով կը հիւրընկալէ Ռիատին: Առաջին մասին 21-17 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ-ի աղջիկները փորձեցին քայլ պահել Ռիատիի հետ, սակայն աւելի փորձառու մրցակիցը 28-35 արդիւնքով կը յառաջանար, երբ երկու խումբերու համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցաւ պզտիկ միջադէպ մը իրաւարարի մէկ որոշումին պատճառով, թէ ֆաուլ է կամ ոչ: Իրաւարարը խօսեցաւ...




















