Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ին սիզըն» մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանը, որուն ընթացքին Լոս Անճելըս Լէյքըրզը եւ Ինտիանա Փէյսըրզը հասան աւարտական` յաջորդաբար դուրս ձգելով Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը եւ Միլուոքի Պաքսը:
Լաս Վեկասի մէջ, Լըպրոն Ճէյմս (38 տարեկան) 30 կէտ նշանակեց 3 մասերու ընթացքին` փաստելով, որ տարիքը պարզապէս թիւ է, եւ առաջնորդելով Լէյքըրզը 133-89 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակի մը: Լէյքըրզ պիտի մրցի Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ, վաղը առաւօտեան ժամերուն, սակայն այս մրցումի արդիւնքը պիտի չազդէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան դասաւորման արդիւնքներուն վրայ:
Օսթըն Ռիվզ նշանակեց 17 կէտ, Անթոնի Տէյվիս (16 կէտ եւ 15 ռիպաունտ), Թորին Փրինս (15 կէտ) եղան Լըպրոնի ամէնէն արդիւնաւէտ խմբակիցները:
Թրէյ Մըրֆի (14 կէտ), Զայըն Ուիլիամսըն (13 կէտ) եւ Հերպըրթ Ճոնզ (10 կէտ) եղան Փելիքընզի լաւագոյնները: Նիւ Օրլինզ 30-29 արդիւնքով կը յաղթէր առաջին մասին, բայց Լըպրոն 2-րդ մասին նշանակեց Լէյքըրզի բացման 11 կէտերը` նշանակելով 3 յաջորդական 3 կէտնոց կողովներ: Մինչեւ կիսախաղ ան 21 կէտ նշանակած էր, եւ 3-րդ մասի կէսերուն պահեստի աթոռներուն վրայ հանգստացաւ, աւարտականին ուժ պահելու համար: Լոս Անճելըս այժմ 3 յաջորդական յաղթանակներ ունի եւ վերջին 5 մրցումներէն 4-ին յաղթած է: Փելիքընզ իր վերջին 4 մրցումներուն առաջին պարտութիւնը կրեց:
Նոյն դաշտին վրայ, առաջին կիսաւարտականին, Թայրիս Հելիպըրթըն իր 3-րդ 3 կէտնոց կողովը նշանակեց աւարտէն 1 վայրկեան մնացած եւ իր կուրծքին զարնելով գոռաց. «Մեր ժամը հասած է»:
Հելիպըրթըն 27 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ 128-119 արդիւնքով դուրս ձգեց Միլուոքի Պաքսը` անակնկալ արդիւնքով մը:
«Մենք ճիշդ ձեւով կը խաղանք այժմ` անակնկալի բերելով ամբողջ աշխարհը, եւ պիտի շարունակենք այս խաղաոճը: Այնքան ատեն որ ճիշդ ձեւով կը խաղանք, գիտենք, որ ներկայ պիտի ըլլանք ամէն մրցումի», ըսաւ Հելիպըրթըն:
Մայլզ Թըրնըր նշանակեց 26 կէտ ի նպաստ Ինտիանայի, Օպի Թոփին (14 կէտ), Այզիա Ճեքսըն (11 կէտ) եւ Պրուս Պրաուն (10 կէտ) եղան Ինտիանայի լաւագոյն տարրերը:
Եաննիս Անթեթոքումփօ 37 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Միլուոքիի, մինչ Տեմիըն Լիլըրտ (24 կէտ), Քրիս Միտըլթըն (20 կէտ) եւ Պրուք Լոփես (18 կէտ) փորձեցին իրենց լաւագոյնը, բայց բաւարար չէր պարտութեան մատնելու Ինտիանան:
Մրցումին կարեւորագոյն կէտերը եւ խումբերուն միջեւ տարբերութիւնը արձանագրուեցաւ շնորհիւ պահեստի մարզիկներուն: Ինտիանայի պահեստները 43-13 արդիւնքով մեծ առաւելութիւն ունեցան Միլուոքիի դէմ:
2-րդ մասին յստակ էր այս երեւոյթը: Արդարեւ, Պենետիքթ Մաթըրթին եւ Թի Ճէյ Մաքոնըլ դաշտ ներկայացան, երբ Փէյսըրզ 2 կէտով ետ կը մնար. անոնք 16-7 արդիւնքով առաւելութիւն մը ձեռք բերին, որ Ինտիանայի 43-36 արդիւնքով հեռացուցին Պաքսէն, նոյն ժամուն հանգստացնելով հիմնական մարզիկները, որոնք նոր թափով աւելի եւս աւելցուցին տարբերութիւնը:
«Գիտեմ, որ շատ մարդիկ չեն դիտեր մեր խաղերը միշտ, բայց իրապէս «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն պահեստի մարզիկները ունեցող խումբերէն մէկն ենք, եթէ ոչ լաւագոյնը: Գիտեմ, որ շատերուն անունները լսած չէք, բայց մօտիկ ապագային բոլորին ալ պիտի լսէք եւ ծանօթանաք», աւելցուց Հելիպըրթըն:
3 մասերէն ետք 3 կէտով ետ մնացած Փէյսըրզ 4-րդ մասը սկսաւ 14-8 արդիւնքով` ձեռք ձգելով 115-102 արդիւնքով առաւելութիւն մը: Թըրնըր, Պրաուն եւ Հելիպըրթըն 17 կէտեր նշանակեցին մրցումի աւարտին 21-13 արդիւնքով վերջին յառաջխաղացքին:
Միլուոքի վերջին մրցումին 146 կէտ նշանակելէ ետք 33 փորձերէն միայն 12-ն կրցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողովներէն, մինչ ընդհանուր առմամբ 36-էն 43 հարուածներ իրենց նպատակին հասան:
«4-րդ մասին շատ լաւ պաշտպանեցինք, բայց մեր հարուածները իրենց նպատակին չհասան: Մեր սպասած արդիւնքը չէր, բայց Վեկաս հասանք եւ փորձառութիւն ձեռք ձգեցինք: Կը կարծեմ, որ այս մրցումէն ետք շատ բաներ սորվեցանք եւ հրաշքներ պիտի ընենք «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ: Միշտ յաղթանակէն ալ կը սորվիս, պարտութենէն ալ», ըսաւ Միլուոքիի մարզիչ Ատրիան Կրիֆին: