Երկուշաբթի գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 6-րդ հանգրուանին գծով կը հիւրընկալէ Ռիատին:
Առաջին մասին 21-17 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ-ի աղջիկները փորձեցին քայլ պահել Ռիատիի հետ, սակայն աւելի փորձառու մրցակիցը 28-35 արդիւնքով կը յառաջանար, երբ երկու խումբերու համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցաւ պզտիկ միջադէպ մը իրաւարարի մէկ որոշումին պատճառով, թէ ֆաուլ է կամ ոչ: Իրաւարարը խօսեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պատասխանատուներուն հետ, թէ պէտք է առանց համակիրի շարունակել մրցումը: 15 վայրկեան պայմանաժամի աւարտին, երբ ՀՄԸՄ մերժեց պարպել համակիրները, իրաւարարը մրցումը աւարտեց 20-0 արդիւնքով` ի նպաստ Ռիատիի:


