Իտալիոյ մարզական դատարանը կը պահանջէ 4 տարուան կախակայում` ֆրանսացի Փոլ Փոկպայի համար, յայտնեց Իտալիոյ «Կազեթա Տելլօ Սփորթ»-ը:
Եուվենթուսի միջնապահ Փոկպա կախակայուած էր սեպտեմբերին: Իտալիոյ ազգային հակատոփինկի միութիւնը, քննելէ ետք Փոկպան, թեսթոսթերոն գտած էր անոր մարմնին մէջ, հորմոն մը, որ մարզիկին կը շնորհէ աւելորդ ուժ` տոկալու եւ դիմանալու, Եուվենթուս-Ուտինեզէ 3-0 մրցումէն ետք:
Իր դրական արդիւնքը վաւերացուեցաւ 2-րդ քննութեամբ մը` հոկտեմբերին, եւ այժմ կը մնայ դատարանին վերջին վճիռը: