Պայերն Միւնիխ 2023-2024 տարեշրջանի աշխատանքներուն այժմէն սկսած է: Արդարեւ, Պայերն ձեռք ձգեց Սպանիոյ Կրանատա խումբին արագավազ ուինկ Պրայըն Սարակոսան: Սարակոսա 22 տարեկան է եւ 15 միլիոն եւրոյի փոխարէն պիտի միանայ Պայերնի: Սարակոսա անցեալ հոկտեմբերին Պարսելոնայի դէմ 2 կոլ նշանակեց (2-2 արդիւնքով մրցումին): Ան 48 մրցում խաղցած է Կրանատայի հետ` նշանակելով 10 կոլ:
«Պրայըն Սարակոսա շատ արագ եւ ճկուն ծայրի յառաջապահ մըն է (ուինկ), որ կրնայ թէ՛ աջ, թէ՛ ձախ կողմ խաղալ, միշտ անակնկալներ ունի մրցակիցներուն, եւ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ ըլլալով կրնայ շատ փորձառութիւն շահիլ», ըսաւ Պայերնի մարզական տնօրէն Քրիսթոֆ Ֆրոյնտ:
Այս ձեւով Սերժ Կնապրիի դիրքը վտանգուած ըլլալ, մանաւանդ որ Քոման եւ Սանէ շատ լաւ օրերու մէջ են եւ լաւ վիճակի մէջ են ընդհանրապէս:
Մինչ այդ, Պայերն լրջօրէն կը հետապնդէ Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆրանսացի պաշտպան Ռաֆայէլ Վարանը, որ երկար ժամանակէ ի վեր Եունայթըտի հետ ելոյթ չ՛ունենար եւ շատ ալ ուրախ չէ իր վիճակէն: Ըստ «Սքայ սփորթ»-ին, Եունայթըտ 20 միլիոն եւրօ սակագին դրած է Պայէրնի:
Պաշտպանութիւնը զօրացնելու գնով միւնիխեան կազմը կրնայ յունուարին միացնել Ժերոմ Պոաթենկը, որ այժմ ազատ մարզիկ է: Ֆուլհեմի միջնապահ Ժոաու Փալինիա, որ ամրան պիտի միանար Պայերնի եւ փոխանցումը վերջին վայրկեանին ձախողեցաւ, ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի (իտալացի վստահելի լրագրող, որ փոխանցումներու լուրերով կը զբաղի) այս ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ կրնայ միանալ գերմանական կազմին, առանց արգելքի:
Պայերն մօտէն կը հետեւի նաեւ Ռէալ Սոսիետատի պաշտպանող միջնապահ Մարթին Սուպիմենտին: Սուպիմենտի, որ 24 տարեկան է եւ Սոսիետատի պատանիներէն է, այս տարեշրջանին 15 մրցումներուն մասնակցած է` նշանակելով 2 կոլ եւ 1 կոլի փոխանցում կատարած է:
Նշենք, որ 2 շաբաթ առաջ աւստրիացի Նեսթոր Իրաքունտա պայմանագիր ստորագրած էր Պայերնի հետ, բայց Սարակոսայի նման յուլիս 2024-ին կը միանայ խումբին:
17 տարեկան Նեսթոր հիմնականօրէն աջ ծայրի յառաջապահ է, բայց կրնայ ձախ կողմ ալ խաղալ: