Այսօր, «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 3-րդ դիրքը գրաւող Ասթոն Վիլա, որ քանի մը օր առաջ կրցած էր պարտութեան մատնել Մանչեսթըր Սիթին, Պիրմինկհամի մէջ պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալը: 4 կէտեր կը բաժնեն Արսենալը եւ Ասթոն Վիլան: Երկրորդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի մեկնի Քրիսթըլ Փելեսի դաշտը (14-րդ) մինչ ախոյեան Սիթի, որ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, վաղը կը մեկնի Լիւթըն Թաունի դաշտը:
Ստորեւ` 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Քրիսթըլ Փելես – Լիվըրփուլ
Պրայթըն – Պըրնլի
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պորնմաութ
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Պրենթֆորտ
Վուլվզ – Նորթինկհամ Ֆորեսթ
Ասթոն Վիլա – Արսենալ
ՎԱՂԸ
Էվըրթըն – Չելսի
Ֆուլհամ – Ուեսթհամ
Լիւթըն Թաուն- Մանչեսթըր Սիթի
Թոթենհամ – Նիւքէսըլ
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը գիշեր 3-րդ դիրքը գրաւող Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ 2-րդ դիրքը գրաւող Ժիրոնան: Այսօր, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ պիտի ըլլայ հիւրը` Ռէալ Պեթիսի: 4-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ համեմատաբար դիւրին մրցում մը ունի երբ կը հիւրընկալէ վերջին դիրքը գրաւող Ալմերիան, առիթ ունի աւելի եւս մօտենալու վերի եռեակին` նկատի ունենալով, որ յետաձգուած մրցում մըն ալ ունի կատարելիք:
Ստորեւ` 16-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ալավես – Լաս Փալմաս
Ռէալ Պեթիս – Ռէալ Մատրիտ
Վիարէալ – Ռէալ Սոսիետատ
Մայորքա – Սեւիա
ՎԱՂԸ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ալմերիա
Կրանատա – Աթլեթիք Պիլպաօ
Քատիս – Օսասունա
Պարսելոնա – Ժիրոնա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ռայօ Վայեքանօ – Սելթա Վիկօ
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 14-րդ հանգրուանին, առաջնակարգ խումբեր իրար դէմ մրցումներ ունին: Արդարեւ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզըն վաղը կը մեկնի Շթութկարթի (3-րդ) դաշտը` դժուար մրցումի մը մասնակցելու: Լեւերքուզըն անցեալ շաբաթ իր դաշտին վրայ 2 կէտ կորսնցուց հաւասարելէ ետք Պորուսիա Տորթմունտի հետ: Տորթմունտ, որ 5-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ 4-րդ դիրքը գրաւող Լայփցիկը: Անցեալ 11 տարիներու ախոյեան Պայերն Միւնիխ, որուն անցեալ շաբթուան Ունիոն Պերլինի դէմ մրցումը ձիւնի պատճառով յետաձգուած էր, պիտի ըլլայ հիւրը Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի, որ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Ստորեւ` 14-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ունիոն Պերլին – Մէօնշընկլատպախ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Պայերն Միւնիխ
Վոլֆսպուրկ – Ֆրայպուրկ
Վերտըր Պրեմըն – Աուկզպուրկ
Հայտընհայմ – Տարմշթատ
Տորթմունտ – Լայփցիկ
ՎԱՂԸ
Շթութկարթ – Պայեր Լեւերքուզըն
Քէօլն – Մայնց
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Ուտինեզէն, որ 16-րդ դիրքը կը գրաւէ: Միլանի միւս կազմը, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի մեկնի 8-րդ դիրքը գրաւող Աթալանթայի դաշտը, մինչ Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ 6-րդ դիրքը գրաւող Ֆիորենթինան:
Ստորեւ` 15-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Վերոնա – Լացիօ Ռոմա
Աթալանթա – Ա. Սէ. Միլան
Ինթէր Միլան – Ուտինեզէ
ՎԱՂԸ
Ֆրոսինոնէ – Թորինօ
Մոնզա – Ճենովա
Սալերնիթանա – Պոլոնիա
Ա. Էս. Ռոմա – Ֆիորենթինա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Էմփոլի – Լեչէ
Քալիարի – Սասուլօ
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 15-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմէն պիտի հիւրընկալէ 9-րդ դիրքը գրաւող Նանթը: Նիս (2-րդ) պիտի հիւրընկալէ Ռենսը (5-րդ), իսկ Մոնաքօ (3-րդ) պիտի մեկնի Ռենի դաշտը (12-րդ)` մրցելու տեղւոյն կազմին դէմ:
Ստորեւ` յայտագիրը.
Ռեն – Մոնաքօ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Նանթ
ՎԱՂԸ
Նիս – Ռենս
Քլերմոն – Լիլ
Մեձ – Պրեսթ
Սթրազպուրկ – Լը Հաւր
Լիոն – Թուլուզ
Լորիան – Մարսէյ