Իտալիոյ Ինթեր Միլան ակումբի գործադիր տնօրէն Ճիուսեփէ Մարոթթան զրոյցի մը ընթացքին, երբ կը խօսէր իր խումբի մարզիկներուն մասին, յայտնեց, որ իր տղոց մէջ ունի մարզիկ մը, որ գրեթէ «ձրի» գնած է եւ շատ արժէքաւոր կը նկատէ զայն: Ան կը նշէր Մաթէօ Տարմեանի համար: Տարմեան, որ 2020-ին փոխ տրուեցաւ Ինթեր Միլանին, 1 տարեշրջանի համար, բայց վերջնականապէս միանալու պարագային Ինթեր 3 միլիոն եւրօ պէտք էր վճարէր… Այդպէս ալ եղաւ: Հակառակ 34 տարեկան ըլլալուն, Տարմեան տակաւին հիմնական մարզիկ է թէ՛ Ինթերի եւ թէ՛ Իտալիոյ ազգային խումբին հետ: