Իտալիոյ ոսկի սերունդի վերջին յետսապահներէն Ճիորճիօ Քիելինի երէկ պաշտօնապէս յայտնեց, թէ կը լքէ ֆութպոլը 39 տարեկան հասակին:
«Իմ կեանքի ամէնէն գեղեցիկ եւ եռանդուն էջը կը փակեմ», այս բառերով տեսանիւթի մէջ նկատուած կարճ պատգամով մը Քիելինի լքեց ֆութպոլը:
Տարիներով փայլելէ ետք Եուվենթուսի հետ 2004-էն 2022, Քիելինի միացած էր Լոս Անճելըս խումբին (Միացեալ Նահանգներ), ուր կատարած էր 31 մրցում` նշանակելով կոլ մըն ալ: Ան շաբաթ օր կատարեց իր վերջին մրցումը` Քոլոմպոս Քրու խումբին դէմ, բաժակի աւարտականին, ուր չկրցաւ տիտղոսով աւարտել իր ասպարէզը:
«Իմ ամէն ինչս էր ֆութպոլը: Ձեզի հետ ճամբորդեցի եւ տարբեր նուաճումներ կատարեցի` անմոռանալի եւ ուրախ ուղիներէ երթալով: Բայց այժմ, նոր էջ պէտք է բանալ, նոր նուաճումներ, գրելու նոյնքան հետաքրքրական եւ կարեւոր կեանքի էջեր», ըսաւ Քիելինի:
Քիելինի Լիվորնոյի հետ սկսած է, ապա միացած է Ֆիորենթինայի, բայց 20 տարեկանին Եուվէի հետ սկսած է ինքզինք փաստել:
Օգնելէ ետք Եուվէին` վերստին բարձրանալու առաջին դասակարգ (2007-ին), ան դարձաւ Եուվէի հիմնական տարրերէն` շահելով յաջորդական ախոյեանութիւններ 2011-էն 2020:
Ան 117 անգամ կրած է նաեւ Իտալիոյ ազգային խումբին շապիկը` շահելով 2020-ի Եուրոն: