Այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին:
Ռիատի Պէյրութ Ֆըրսթի նման իր 5 մրցումներուն ալ յաղթած է, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի երիտասարդ խումբը համակիրները իրեն հետ ունենալով պիտի փորձէ իր կարելին` անպայման անակնկալ մը ստեղծելու համար:
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով մասնակցիլ քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի աղջիկները: Մրցումին մուտքը ազատ է, եւ մասնաւոր փոխադրակառքեր ալ տրամադրուած են ժամը 20:00-ին Պուրճ Համուտի հրապարակէն փոխադրելու համակիրները:


