Ուասլի մրցաշարքը («Ուեսթ Ասիա սուփըր լիկ») շարունակուեցաւ, եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի իր առաջին մրցումին 96-67 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսէն:
Արդարեւ, շատ տաք մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Ֆայհա» դաշտին վրայ, Ուահտէի համակիրները իրենց նարնջագոյն տարազներով ողողած էին աւելի քան 10 հազար համակիրներ, որոնք մրցումին անընդհատ քաջալերեցին ո՛չ միայն Ուահտէն, այլ նոյնիսկ Ռիատին` մարզական գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով եւ անակնկալի բերելով նոյնիսկ Ռիատիի մարզիկները:
Մրցումի հերոսներ Ուաէլ Արաքժի եւ Էլմետին Քիքանովիչ 18-անկան կէտեր նշանակեցին, մինչ պոսնիացի սենթըրը աւելցուց 10 ռիպաունտ եւ 6 պլոք կատարեց: Պաղեստինցի Սամի Սաքաքինի 16 կէտ աւելցուց, իսկ Մոհամետ Թապպարա` 10 կէտ: Ռիատիի 10 մարզիկներն ալ առնուազն 2 կէտեր նշանակեցին:
Արաքժի, Սաքաքինի եւ Ամիր Սէուտ 17-2 արդիւնքով սկսան մրցումը: Դաշտին տէրերը համակիրներուն օգնութեամբ 5 կէտի նուազեցուցին արդիւնքը (30-25), բայց այդ 5 կէտերէն աւելի չկրցան մօտենալ, որովհետեւ Քարիմ Զէյնունի առաջնորդութեամբ Ռիատի վերատիրացաւ մրցումի ղեկին, եւ մինչեւ կիսախաղ արդիւնքը հասցուց 43-27-ի:
Մրցումը 2-րդ կիսախաղին բնաւ չդժուարացաւ Ռիատիի համար, որ մինչեւ 33 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունեցաւ պահ մը:
Ռիատի ընդամէնը 29 էսիսթ կատարեց եւ ռիպաունտով ալ (44-36) առաւելութիւն ունէր, եւ կարեւորագոյնը` միայն 8 թըրն օվըրներ (գնդակ կորսնցնել):
Ուահտէ, որ անցեալ ամիս Իրաքի Շորթա խումբին դէմ ետ մնալէ ետք կրցած էր վերջին վայրկեաններուն 74-70 արդիւնքով յաղթել, այս անգամ չկրցաւ վերադառնալ Ռիատիի դէմ:
Ստորեւ` Բ. խմբակի դասաւորումը.
1.- Ուահտէ 3 կէտ (141-166)
2.- Ռիատի 2 (96-67)
3.- Շորթա 1 (70-74)
Ա. խմբակին մէջ, Սաժես, որ Լիբանանի մէջ 74-86 արդիւնքով պարտուած էր Իրանի Կորկան խումբէն (15 նոյեմբերին), անցեալ շաբաթ Պաղտատի մէջ 78-90 արդիւնքով յաղթած էր Նաֆթ խումբին:
Ստորեւ` Ա. խմբակի դասաւորումը.
1.- Կորկան 4 (207-144)
2.- Սաժես 3 (164-164)
3.- Իթթիհատ Ահլի 3 (149-193)
4.- Նաֆթ 2 (150-169)