Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Կիսախաղին Թրիփըլ Տապըլ Իրագործեց

Դեկտեմբեր 8, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ, որ քանի մը օր առաջ առջինեկ զաւակի հայր դարձած էր, իր ասպարէզի ընթացքին առաջին անգամ թրիփըլ տապըլ իրագործեց Ա. կիսախաղին: Թեքսասի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին` Եութա Ճեզի դէմ, Տոնչիչ 40 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց եւ հանգիստ ըրաւ 4-րդ մասին, եւ իր խումբը` Տալաս 50 կէտի առաւելութեամբ գերազանցեց Եութան: Իր ասպարէզի 60-րդ թրիփըլ տապըլը պատճառ դարձաւ, որ ան գերազանցէ Լերի Պըրտը եւ գրաւէ 9-րդ դիրքը` թրիփըլ տապըլներու պատմական դասաւորման մէջ: Ան 32 վայրկեան խաղցաւ միայն` նշանակելով 6 հատ 3 կէտնոց կողովներ: Պէտք է ըսել, որ պատմութեան ընթացքին անոր 25 կէտերով թրիփըլ տապըլները մրցանիշ էին, եւ Տոնչիչ մրցումի ժամանակ կը հետեւէր թիւերուն, երբ 1,11 վայրկեան միացած էսիսթ մը տուաւ Տերեք Լայվլիի, որ տանք մը նշանակէ, իսկ 19 հազարէ աւելի համակիրներ գոռալով դաշտը ցնցեցին մրցանիշին համար: Տալաս մրցումի սկիզբէն մինչեւ վերջ տիրապետեց Եութայի վրայ, որմէ կը բացակայէին Լաուրի Մարքանեն եւ Ճորտըն Քլարքսըն: Մարքանեն, որ Եութայի լաւագոյն ռիպաունտ հաւաքող մարզիկն է, վերջին 6 մրցումներուն կը բացակայի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, մինչ Քլարքսըն վերջին 5 մրցումներէն 4-ին բացակայ է սրունքի մկանի ցաւի պատճառով:

Քայրի Ըրվինկ նշանակեց 26 կէտ ի նպաստ Տալասի, որ նախապէս 2 յաջորդական մրցումներ պարտուած էր` իր 2 աստղերէն մէկուն բացակայելուն պատճառով: Տոնչիչ ուրբաթ օր Մեմֆիսի դէմ բացակայ էր, երբ իր կինը զաւակ կ՛ունենար, մինչ Ըրվինկ շաբաթ օր ոտքի ցաւ ունէր Օքլահոմայի դէմ մրցումին:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, Ուաշինկթընի մէջ 131-126 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Ուիզըրտծը, ուր Ժոել Էմպիտ 50 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Մեմֆիսի աստղ Տեզմընտ Պէյն 49 կէտ նշանակեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ մրցումին, մինչ Փաուլօ Պանչերոյի 42 կէտերը բաւարար չէին, որ Օրլանտօ յաղթէ Քլիվլենտի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 126-131
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 102-116
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Օրլանտօ Մեճիք 121-111
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 102-94
Աթլանթա Հոքս – Պրուքլին Նեթց 113-114
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մայեմի Հիթ 103-112
Հիւսթըն Ռոքեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 110-101
Շիքակօ Պուլզ – Չարլոթ Հորնեթց 111-100
Տալաս Մեւրիքս – Եութա Ճեզ 147-97
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց 111-102
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 110-106

 

 

Նախորդը

Սարակոսա Միացաւ Պայերն Միւնիխի

Յաջորդը

Փալմէյրաս` Պրազիլի Ախոյեան, Սանթոս` Բ. Դասակարգ

RelatedPosts

Ծանրաբարձութիւն.  Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Ախոյեան  Նարեկ Գրիգորեան` Փոխախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Ախոյեան Նարեկ Գրիգորեան` Փոխախոյեան

Նոյեմբեր 1, 2025
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` «Լոնտոնի Տերպին» Թոթենհամ – Չելսի
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` «Լոնտոնի Տերպին» Թոթենհամ – Չելսի

Նոյեմբեր 1, 2025
«Մեսսի Կ՛ուզէր Սէուտական Արաբիա Գալ  Բայց Մերժեցի»  Կ՛ըսէ Ապտուլլա Համատ
Մարզական

«Մեսսի Կ՛ուզէր Սէուտական Արաբիա Գալ Բայց Մերժեցի» Կ՛ըսէ Ապտուլլա Համատ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?