Մարզական

ՖԻՖԱ-ի 2023-Ի Լաւագոյն Մարզիկներու Ընտրութիւնները` 15 Յունուար 2024-ին

ՖԻՖԱ-ի 2023-Ի Լաւագոյն Մարզիկներու Ընտրութիւնները` 15 Յունուար 2024-ին

ՖԻՖԱ-ն  յայտարարեց, թէ 2023 տարուան լաւագոյն մարզիկներու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15 յունուար 2024-ին, Լոնտոնի մէջ: Տղոց ֆութպոլի 3 թեկնածուներն են` Լիոնէլ Մեսսի, Քիլիան Էմպափէ եւ Էրլինկ Հաալանտ, ըստ ՖԻՖԱ-ի յայտարարութեան: Նորվեկիացի Հաալանտ Մանչեսթըր Սիթիին օգնեց 3 տիտղոսներ շահելու` «Չեմփիընզ լիկ»-ը, Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ը եւ բաժակի մրցաշարքը, անցեալ եղանակին: Մեսսի 2022-ին ընտրուած էր լաւագոյն մարզիկը` շահելէ ետք մոնտիալը Արժանթինի հետ:...

Չաւի Զարմացած` Պարսելոնայի Գործէն Արձակումի Մասին Հարցումէ Մը

Չաւի Զարմացած` Պարսելոնայի Գործէն Արձակումի Մասին Հարցումէ Մը

Պարսելոնա ակումբի մարզիչ Չաւի, որուն խումբը շատ լաւ օրերու մէջ չի թուիր ըլլալ, Սպանիոյ ախոյեանութեան գծով վերջին 4 մրցումներէն միայն 1-ը յաղթանակով աւարտած է` պարտուելով Ժիրոնայէն եւ հաւասարելով Ռայօ Վայեքանոյի եւ Վալենսիայի հետ: Շաբաթ վիշեր Վալենսիայի դաշտին վրայ Ժոաու Ֆելիքս նշանակեց կոլ մը, բայց Վալենսիա շնորհիւ Կիյամոնի հաւասարեցաւ: Վերջերս, երբ Չաւիի հարցուեցաւ, թէ արդեօք Պարսելոնայի տնօրէնութիւնը կրնա՞յ զինք  գործէ արձակել,...

Մանչեսթըր Սիթի Լաւ Օրերու Մէջ Չէ

Մանչեսթըր Սիթի Լաւ Օրերու Մէջ Չէ

Մանչեսթըր Սիթի «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով 2 կէտ եւս կորսնցուց, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր դաշտին վրայ, Քրիսթըլ Փելեսի դէմ մրցումին: Ախոյեանութեան գծով վերջին 6 մրցումներէն միայն մէկը յաղթած Սիթի 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր մինչեւ 75-րդ վայրկեան: 76-րդ վայրկեանին, Ժան Ֆիլիփ Մաթեթա նշանակեց կոլ մը ի նպաստ Քրիսթըլ Փելեսի, որ միայն 2 անգամ Սիթիի բերդին վրայ հարուածեց ամբողջ 90...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մէյրուպա – ՀՄԸՄ 77-81

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մէյրուպա – ՀՄԸՄ 77-81

Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 81-77 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Մէյրուպայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ճիւնիի Քլիսպ Սանթրալի դաշտին վրայ, սկսաւ ի նպաստ Մէյրուպայի, ուր ՀՄԸՄ քանի մը անգամ հասաւ եւ կէտով մըն ալ անցաւ, սակայն Մէյրուպա յաջողեցաւ 23-18 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ առաջին մասէն, որուն ընթացքին Տուէյն Ճեքսըն 7 կէտ նշանակած էր,...

Թայքուանտօ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ 3 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալներ Շահեցաւ

Թայքուանտօ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 3 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալներ Շահեցաւ

Անցնող շաբաթավերջին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզական համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի թայքուանտոյի ֆետերասիոնի կազմակերպած դեղին գօտիներու ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ 8 մարզիկներով մասնակցած էր, կրցաւ շահիլ 3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ: Յիշեցնենք նաեւ, որ 26 նոյեմբերին նոյն մարզական համալիրին մէջ կապոյտ գօտիներու ախոյեանութեան, 10 մարզիկներով մասնակցող ՀՄԸՄ Պէյրութ 3 ոսկի, 1 արծաթ եւ 4 պրոնզ...

Վաղը` Թաատոտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Վաղը` Թաատոտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներու գծով, վաղը երեկոյեան ժամը 19:30-ին Թաատոտի դաշտին վրայ (Մազրաա) ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեր աղջկանց խումբը մրցում մը պիտի ունենայ Թաատոտին դէմ: Թաատոտ միայն մէկ մրցում կրցած է յաղթել, այդ ալ Շիյահի դէմ, 1 կէտի առաւելութեամբ: Շեյահ վերջին դիրքը կը գրաւէ (10-րդ), մինչ Թաատոտ 8-րդ դիրքը` Էն. Էս. Էյ.-էն 1 դիրք աւելի բարձր: ՀՄԸՄ-ի մեր...

Ծանրաբարձութիւն.  Հռիփսիմէ Խուրշուտեան` Ոսկի Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Հռիփսիմէ Խուրշուտեան` Ոսկի Մետալակիր

Քաթարի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան կրան փրիի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան 87 քկ կշիռի աղջկանց մրցումներուն, արաշէի մրցումներուն, բարձրացուց 106 քկ, իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 126 քկ բարձրացուց եւ երկամարտին 232 քկ արդիւնքով դարձաւ կրան փրիի ոսկի մետալակիր: Իր խմբակից Տաթեւ Յակոբեան արաշէով ձեռք ձգեց 107 քկ եւ էփոլէ-ժըթէի 123 քկ եւ երկամարտի 230 քկ արդիւնքով դարձաւ պրոնզ մետալակիր:

Ֆութսալ.  Հայաստան – Վրաստան` 3-1

Ֆութսալ. Հայաստան – Վրաստան` 3-1

Երէկ, ՖԻՖԱ-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան էլիթ հանգրուանին գծով Հայաստան Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզամշակութային կեդրոնին մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վրաստանի դէմ: 5-րդ հանգրուանի գծով այս մրցումին հաշիւը բացաւ Գարեգին Մաշումեան: Ճիորճի Ղաւթածէ նշանակեց հաւասարութեան կոլը 3 վայրկեան ետք, սակայն 2-րդ կիսախաղին Վլատիմիր Սանոսեան եւ Ռոտրիկինիօ նշանակեցին 2 յաջորդական կոլեր: Այս յաղթանակէն ետք Ռուբէն Նազարեանի տղաքը գրաւեցին 3 խմբակի 3-րդ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Եւ Թէյթըմ Կը Շարունակեն

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Եւ Թէյթըմ Կը Շարունակեն

Ճէյմս Հարտըն Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, մինչ յայտարարուեցաւ 73-րդ «Օլ Սթար»-ի մրցումի քուէարկութեան ժամանակաշրջանին մասին, ինչպէս նաեւ ճշդուեցաւ թուականը: Քուէարկութիւնը կը սկսի երեքշաբթի, 19 դեկտեմբերին եւ կ՛երկարի մինչեւ 20 յունուար 2024, առիթ տալով համակիրներուն, որ ընտրեն իրենց լաւագոյն 5 մարզիկները, 3 յարձակողական եւ 2 կարտեր զոյգ` արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններուն համար: Նշենք, որ համակիրներու քուէները կը ներկայացնեն 50...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը` Մէյրուպա – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Մէյրուպա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն (երթի), ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մեկնին Ճիւնի` Քլիւպ Սանթրալի դաշտը, մրցելու համար Մէյրուպայի խումբին դէմ: Մէյրուպա, որ 9-րդ դիրքը կը գրաւէ, միայն 1 մրցում շահած է, այդ ալ վերջին դիրքը գրաւող Էն. Էս. Էյ.-ի վրայ, բայց մեր տղաքը լուրջ պէտք է ըլլան եւ լաւ կեդրոնացած խաղան Մէյրուպայի դէմ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը գրաւեն...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պատուաբեր  Արդիւնքներ Արձանագրեց

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պատուաբեր Արդիւնքներ Արձանագրեց

Ա.Ի.Մ. Ալէյ Քաունթրի Քլապի մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի ռեփիտ մրցաշարքը` 118 մասնակիցներով: ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր ներկայութիւնը արձանագրեց իր պատանի կազմով, որ շատ պատուաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգեց: Մարք Մարտիկեան գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 11-րդ դիրքը 5 կէտերով, Մարտիկ Մարտիկեան 28-րդ դիրքը գրաւեց 4 կէտերով, Միշել Աթայեան 29-րդ դիրքը` 4 կէտերով, Քարլօ Աթայեան 42-րդ դիրքը (4 կէտ), Մարիա Մարտիկեան 62-րդ դիրքը (3 կէտ)...

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Հալէպի Մէջ

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Հալէպի Մէջ

Երէկ տեղի ունեցաւ Ուասլ մրցաշարքին գծով Ահլի - Սաժես մրցումը` Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի մէջ: 13 հազար համակիրներու ներկայութեան Փիեռ Ճեքսըն նշանակեց 24 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ կատարեց, մինչ Քարիմ Իզզէտին 13 կէտ եւ 5 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ լիբանանեան ակումբին, որ Հալէպի Ահլիին յաղթելով (81-72) տարաւ իր յաջորդական 2-րդ յաղթանակը` առաջին մրցումին պարտուելէ ետք Իրանի Կորկանի դէմ մրցումին:...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան` Շնորհիւ Ա. Սէ. Միլանի

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան` Շնորհիւ Ա. Սէ. Միլանի

Չորեքշաբթի գիշեր Տորթմունտի դաշտին վրայ, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի համակիրները բաւական պրկումներ անցուցին, երբ իրենց խումբը շատ առիթներ կորսնցնելէ ետք կոլ մըն ալ ստացան շնորհիւ Քարիմ Ատեյեմիի: Մինչ այդ, Նիւ Քեսըլ իր դաշտին վրայ կոլ մը նշանակած էր շնորհիւ Ճոելինթընի` Ա. Սէ. Միլանի դէմ մրցումին: Այս առիթով Փարիզ դուրս կը մնար «Չեմփիընզ լիկ»-էն: 5 վայրկեան ետք Ուորըն Զետ-Էմիրի նշանակեց...

Ծանրաբարձութիւն.  Լալայեան Ոսկի, Իսկ Սիմոնեան` Արծաթ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Լալայեան Ոսկի, Իսկ Սիմոնեան` Արծաթ Մետալակիր

Տոհայի մէջ (Քաթար) վերջ գտան ծանրաբարձութեան կրան փրիի մրցումները: 109 քկ կշիռի մրցումներուն, Վարազդատ Լալայեան երկամարտի 441 արդիւնքով դարձաւ կրան փրիի ախոյեան: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան 430 քկ արդիւնք բերելով 2-րդ դիրքը գրաւեց: Աւելի առաջ, 87 կշիռի մրցումներուն Հռիփսիմէ Խուրշուտեան ոսկի մետալ ձեռք ձգեց, մինչ Տաթեւ Յակոբեան պրոնզ մետալ շահած էր: Եւրոպայի ախոյեան Դաւիթ Յովհաննիսեան երկամարտի 370 քկ արդիւնքով...

«Էն. Պի. Էյ.»  Անթեթոքումփօ 64 Կէտ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.» Անթեթոքումփօ 64 Կէտ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.» մրցումները շարունակուեցան, երէկ, եւ Միլուոքի Պաքսի յոյն աստղ Եաննիս Անթեթոքումփօ 64 կէտ նշանակելով իր ասպարէզին առաւելագոյն կէտերը նշանակեց մէկ մրցումի ընթացքին: Նախապէս Միլուոքիի հետ ամէնէն շատ կէտեր նշանակողը եղած էր Մայքըլ Ռետ 2006-ին` 57 կէտ: Միլուոքի, որ կը մրցէր «Էն սիզըն»-ի փոխախոյեան Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ, կրցաւ 140-126 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել: Անցեալ հինգշաբթի, Ինտիանա դուրս ձգած...

Թենիս.  Քիրկիկոս Կը Մտածէ Լքել Թենիսը

Թենիս. Քիրկիկոս Կը Մտածէ Լքել Թենիսը

Աւստրալիացի թենիսմէն Նիք Քիրկիոս, որ ամէնէն առեղծուածային մարզիկներէն մէկը կը մնայ, 2023-ին հազիւ քանի մը մրցաշարքի մասնակցած էր վիրաւոր ըլլալով, եւ այժմ կը մտածէ առաւելագոյնը 2 տարի եւս խաղալ թենիս` պարզապէս «իր ընտանիքին ծախսը» հանելու համար: Քիրկիոս ոչ շատ առաջ լաւագոյն թենիսմեններու կարգին էր եւ 2022-ին Ուիմպըլտընի աւարտականին հասնելով բարձր մակարդակի թենիս կը ցուցաբերէր: Իր անսպասելի հարուածները եւ համարձակ որոշումները...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Մելամաղձոտ Իրականութիւն` «Երազներու Թատրոն»-ին Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ». Մելամաղձոտ Իրականութիւն` «Երազներու Թատրոն»-ին Մէջ

Մանչեսթըր Եունայթըտ երեքշաբթի գիշեր դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն, իր «Օլտ Թրեֆորտ» դաշտին վրայ, որ «Երազներու թատրոն» անունով ծանօթ էր, բայց 90-ականներու կամ մինչեւ 2013-ի օրերը չկան այլեւս, եւ մելամաղձոտ իրականութիւն մը կը տիրէ: Տարեշրջան մը, որուն ընթացքին Եունայթըտ արդէն իր կատարած մրցումներուն (24 մրցում) կէսը պարտութեամբ աւարտած է, նոր վայրէջքի մէջ կը գտուի եւ մակարդակի լուրջ հարց կը դիմագրաւէ: Միայն...

ՖԻՖԱ-Ակումբներու Մոնտիալ.  Իթթիհատ – Օքլենտ Սիթի 3-0

ՖԻՖԱ-Ակումբներու Մոնտիալ. Իթթիհատ – Օքլենտ Սիթի 3-0

Երեքշաբթի օր, ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալի առաջին հանգրուանի մրցումին, Սէուտական Իթթիհատ խումբը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նոր Զելանտայի Օքլենտ Սիթին: Ռոմարինիօ 29-րդ վայրկեանին, Էնկոլօ Քանթէ եւ Քարիմ Պենզեմա նշանակեցին Իթթիհատի 3 անպատասխան կոլերը: Իթթիհատ խումբը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Ֆապինիօ, կը մարզէ արժանթինցի 90-ականներու աստղերէն Մարսելօ Կայյարրօ: Վաղը, Իթթիհատ, 2-րդ հանգրուանին պիտի մրցի Եգիպտոսի եւ Ափրիկէի ախոյեան Ահլիի դէմ, մինչ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Մեւրիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` 127-125

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Մեւրիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` 127-125

Երէկ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ «Ին Սիզընի» բաժակը շահելէ ետք իր առաջին մրցումին 2 կէտով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մեւրիքսէն: Արդարեւ, Լէյքըրզէն Լըպրոն Ճէյմս 33 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Անթոնի Տէյվիս` 37 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, սակայն իրենց խաղընկերները չկրցան արդիւնաւէտ ըլլալ բացի Օսթըն Ռիվզէն, որ 22 կէտ նշանակեց եւ 8 էսիսթ կատարեց: Տալասէն Լուքա Տոնչիչ,...

Թրքական Խումբի Մը Նախագահը Իրաւարարը, Զգետնելէ Ետք Ձերբակալուեցաւ

Թրքական Խումբի Մը Նախագահը Իրաւարարը, Զգետնելէ Ետք Ձերբակալուեցաւ

Երկուշաբթի գիշեր Թուրքիոյ առաջին դասակարգի մէջ Անգարակուչու - Ռիզեսփոր ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին, երբ Ռիզեսփոր 97-րդ վայրկեանին հաւասարութեան կոլ մը նշանակեց, Անգարակուչու խումբին նախագահը հազիւ մրցումը աւարտած դաշտ խուժեց եւ բռունցքով հարուածեց կեդրոնի իրաւարարին, որ հազիւ գետին ինկած ոտքի հարուածներու ալ ենթարկուեցաւ այլ յարձակողներու կողմէ: Երէկ Ֆարուք Քոչա (նախագահը) ձերբակալուեցաւ 2 այլ անձերու հետ, երբ ոստիկանութիւնը հարցաքննութիւններէ ետք Քոչան գտաւ...

Page 236 of 1281 1 … 235 236 237 … 1,281

Արխիւներ