Երէկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Լաս Վեկասի մէջ շահեցաւ առաջին «Ին Սիզըն» մրցաշարքը, որ տեղի «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական մրցումներուն զուհահեռ: Բացի աւարտական մրցումէն, բոլոր մրցումներուն արդիւնքները կ՛անցնէին ախոյեանութեան կէտերու ցանկին: Աւարտական մրցումը պատմական երեւոյթ ունէր, մանաւանդ որ Լըպրոն ՃԷյմս մտադիր է պասքեթպոլի խումբ մը կազմելու` Լաս Վեկաս անունով:
«Իմ ախորժակս հոս գալու` ասպարէզէս ետք խումբ մը բերելով, բնաւ չէ փոխուած: Համակիրները սքանչելի են հոս: Արդէն ամէն ինչ ունինք հոս… աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբ, պէյսպոլ, Էն. Էֆ. Էլ., Հոքի, «Ֆորմիւլա 1»-ը ոչ շատ առաջ հոս եղաւ: Այս քաղաքը կը սիրէ լուսարձակի տակ ըլլալ, կը կարծեմ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ն ալ լաւ կ՛ըլլայ այս քաղաքին», ըսաւ Ճէյմս մրցումի աւարտին:
Լըպրոն Ճէյմս, որ այս մրցաշարքի «Էմ. Վի. Փի.»-ն շահեցաւ, նշանակեց 24 կէտ եւ կատարեց 11 ռիպաունտ` օգնելով Լէյքըրզին 123-109 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրելու Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ:
Լէյքըրզի լաւագոյն մարզիկն էր Անթոնիօ Տէյվիս, որ 41 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Լէյքըրզ շահեցաւ այս բաժակը, որովհետեւ Լըպրոն – Տէյվիս զոյգը շատ օգնութիւն ստացան իրենց խմբակիցներէն: Օսթըն Ռիվզ 28 կէտ եւ Տ՛Անճելօ Ռասըլ 133 կէտ նշանակեցին, մինչ Քեմ Ռետիշ լաւապէս պաշտպանեց Ինտիանա Թայրիս Հէլիպըրթընի դէմ, որ մրցաշարքի աստղերէն մէկն է: Թայրիս 20 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց, շատ անգամ փոխանցելով խմբակիցի մը: Ռիվզ ըսաւ. «Ռետիշ շատ չնշանակեց (9 կէտ), բայց զգացի, որ ան ամէնէն կարեւոր մարզիկներէն էր, իր պաշտպանած ձեւը շատ փոխեց մրցումին արդիւնքը»:
Փէյսըրզէն Պենետիքթ Մաթուրին (20 կէտ) եւ Աարոն Նեսմիթը (15 կէտ) եղան լաւագոյն նշանակողները:
Լէյքըրզի մարզիկները բաժակի կողքին շահեցան 500 հազար ամ. տոլար անհատաբար, մինչ Փէյսըրզի մարզիկները ստացան 200 հազար ամ. տոլար:
«Էն. Պի. Էյ.» բնական ախոյեանութեան մրցումներուն Տալաս Մեւրիքս 125-112 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փորթլենտէն, Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ մրցումին: Լուքա Տոնչիչ, որ պատմական թրիփըլ տապըլ կատարած էր, նշանակեց 32 կէտ եւ կատարեց 10 էսիսթ: 2-րդ մասի աւարտէն 4 վայրկեան մնացած, Քայրի Ըրվինկ ֆաուլի ենթարկուեցաւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատիի նախկին սենթըր Տիոփ Ռիթի կողմէ, եւ Քայրի հազիւ գետին ինկած` իր խմբակից Տուայթ Փաուըլ սխալմամբ ոտքին կոխեց` պատճառ դառնալով Ըրվինկի վիրաւորուելուն: Տանթէ Էքսըմ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, որ իր 13-րդ յաղթանակը արձանագրեց 21 մրցումի ընթացքին: Պահեստի մարզիկ Թիմ Հարտըուէյ 20 կէտ նշանակեց, մինչ Տոնչիչ աւելցուց 6 ռիպաունտ:
Փորթլենտէն Էնֆըրնի Սիմընզ 30 կէտ, 8 էսիսթ եւ 5 ռիպաունտ ձեռք ձգեց այս տարեշրջանի իր 2-րդ մրցումին, ապաքինելէ ետք: Շէյտըն Շարփ 24 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Փորթլենտի, որ 15-րդ պարտութիւնը կրեց 21 մրցումներու ընթացքին:
Հիւսթըն Ռոքեթց անակնկալի բերաւ ախոյեան Տենվըր Նակեթցը այս վերջինին դաշտին վրայ` 114-106 արդիւնքով: Նիքոլա Եոքիչ 23 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց իր խմբակիցները նոյնքան լաւ չէին:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր դաշտին վրայ 121-112 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շիքակօ Պուլզէն: 19 տարեկան Վիքթոր Ուեմպանեամա («Ուեմպի») 21 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ 20 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ: Ուեմպլիի հերոսութիւնները սակայն չօգնեցին իր խումբին, որ կրեց յաջորդական 16-րդ պարտութիւնը:
Քոպի Ուայթ 24 կէտ, Նիքոլա Վոչեվիչ 21 կէտ, 16 ռիպաունտ, Փեթ Ուիլիըմզ 20 կէտ եւ Տըմար Տըրոզըն 20 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեցին:
Ստորեւ` շաբաթ օրուան արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Աթալանթա Հոքս 125-114
Օրլանտօ Մեճիք – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 123-91
Չարլոթ Հորնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 119-116
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Եորք Նիքս 133-123
Պրուքլին Նեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 124-97
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 138-136
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 103-127
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 99-111
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Շիքակօ Պուլզ 112-121
Ֆէօնիքս Սանզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 106-114
Տենվըր Նակեթց – Հիւսթըն Ռոքեթց 106-114
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մեւրիքս 112-125
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 103-117


