Մարզական

Եուրօ 2024.  Ախոյեան Իտալիա Եւ Հիւրընկալ Գերմանիա`  Վատ Օրերու Մէջ Թեկնածու Ֆրանսա Դժուար Խմբակի Մէջ

Եուրօ 2024. Ախոյեան Իտալիա Եւ Հիւրընկալ Գերմանիա` Վատ Օրերու Մէջ Թեկնածու Ֆրանսա Դժուար Խմբակի Մէջ

Ակնարկ մը` Եուրօ 2024-ի մրցաշարքի վիճակաձգութիւններէն ետք, ուր 6 խմբակներու բաժնուեցան 24 խումբեր, որոնց 3-ը տակաւին յստակ չեն, եւ պիտի յայտնուին 26 մարտ 2024-ին: Ա. խմբակ.- Գերմանիա, Սկովտիա, Հունգարիա եւ Զուիցերիա: Սկովտիա լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի, երբ բացման մրցումին պիտի մրցի հիւրընկալ Գերմանիոյ դէմ, որ շատ ճնշումի տակ կը գտնուի, եւ պահանջ կայ անպայման յաղթանակի: Եուլիան Նակըլզմանի մարզիչ նշանակումէն...

Տեքլըն Ռայս Փրկեց Արսենալը

Տեքլըն Ռայս Փրկեց Արսենալը

Տեքլըն Ռայսի կոլը 97-րդ վայրկեանին փրկեց Արսենալը, որ Լիւթըն Թաունի դաշին վրայ 3 կոլ ստացած էր: Արսենալ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով «ցնցուած» էր այսքան արագ եւ աշխուժ Լիւթընի դէմ մրցումին, եւ հաւանական էր, որ 1 կէտով հեռանար դաշտէն, բայց միջնապահ Տեքլըն Ռայսի գլխու հարուածը փրկեց կացութիւնը, եւ Արսենալ 4-3 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Լիւթընէն: Ասիկա Արսենալի համար յաջորդական 4-րդ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լըպրոն Ճէյմս Լէյքըրզը Առաջնորդեց  Կիսաւարտականի

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Լէյքըրզը Առաջնորդեց Կիսաւարտականի

Լըպրոն Ճէյմս իր 31 կէտերէն 15-ը նշանակեց 4-րդ մասին, եւ Լէյքըրզ հասաւ կիսաւարտականի` «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ին սիզըն» մրցաշարքին: Անթոնի Տէյվիս 27 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Օսթըն Ռիվզ նշանակեց 20 կէտ ի նպաստ Լէյքըրզի, որ ամէնէն բարձր դասուած խումբն է այս մրցաշարքին: Լէյքըրզ պիտի մրցի Նիւ Օրլինզի դէմ, հինգշաբթի, Լաս Վեկասի մէջ, մինչ Միլուոքի, որ դուրս ձգեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Չեմփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 37-52

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Չեմփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 37-52

Երկուշաբթի երեկոյ Հազմիէի Չեմփսի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները շատ հանգիստ` 52-37 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Չեմփսի դէմ, Լիբանանի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումին: Եաշա Զէյնուն 12 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Փերլա Նասր տապըլ տապըլ իրագործեց 11 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգելով: Փաթիլ Ասատուրեան 8 կէտ, 3 ռիպաունտ, 3 էսիսթ, 4 սթիլ կատարեց, մինչ...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Ֆութպոլի  Խումբը Կը Պատրաստուի

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Ֆութպոլի Խումբը Կը Պատրաստուի

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը, որ կը շարունակէ իր պատրաստութիւնները իր մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի գլխաւորութեամբ եւ քանի մը փորձ-մրցումներ կը կատարէ շաբաթական դրութեամբ, ինչպէս նաեւ լաւ պատրաստուելու համար 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ընտրած է ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» դաշտէն աւելի մեծ դաշտ, որպէսզի աւելի լաւ պատրաստութիւն ըլլայ ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի դաշտը ակադեմական փորձերու համար աւելի յարմար է:...

Ճատրակ.  Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն`  «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Ճատրակ. Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն` «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի ախոյեանութիւն մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 8 ներկայացուցիչներով: Բոլոր տարիքներէն աւելի քան 200 մասնակցողներ մասնակցեցան այս մրցաշարքին, 6 տարեկան 80 տարեկան, զուիցերիական դրութեամբ, 9 ռաունտով` 10 վայրկեան + 3 յաւելեալ երկվայրկեան ամէն մրցումի: Մրցաշարքը շահեցաւ երիտասարդ Ատիպ Արքատան, որ կարելի 9 կէտերէն ձեռք ձգեց 8,5 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ՖԻՏԷ-ի...

Բռնցքամարտ.  Հայաստան Ձեռք Ձգեց 4 Ոսկի, 5 Արծաթ Եւ 1 Պրոնզ Մետալներ

Բռնցքամարտ. Հայաստան Ձեռք Ձգեց 4 Ոսկի, 5 Արծաթ Եւ 1 Պրոնզ Մետալներ

Երեւանի մէջ վերջ գտաւ երէց պատանիներու (15-16 տարեկան) աշխարհի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը: Վերջին օրուան մրցումներէն ետք, ոսկի մետալներ շահեցան Տիգրան Յովսէփեան (50 քկ), Արգիշտի Յակոբեան (66 քկ) եւ Ալպերթ Յարութիւնեան (75 քկ): Նախապէս Վաղարշակ Քէյեան (48 քկ) շահած էր ոսկի մետալ մը: Տիգրան Յովսէփեան 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պուլկար Եանքով Տիմիթրովը` 50 քկ կշիռի մրցումներուն: 66 քկ կշիռի մրցումներուն Արգիշտի Յակոբեան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Հելիպըրթըն Եւ Ինկրամ Փայլեցան` Դուրս Ձգելով Պոսթընը Եւ Քինկզը

«Էն. Պի. Էյ.» Հելիպըրթըն Եւ Ինկրամ Փայլեցան` Դուրս Ձգելով Պոսթընը Եւ Քինկզը

«Օլ Սթար»-ի կարտերէն Թայրիս Հելիպըրթըն արձանագրեց իր ասպարէզի առաջին թրիփըլ-տապըլը եւ ամբողջացնելով 4 յաջորդական կէտեր (3 կէտ + 1 ազատ հարուած) հաւասարեցուց արդիւնքը 1,33 վայրկեան մնացած: Հելիպըրթըն 26 կէտ, 13 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ 122-112 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Պոսթըն Սէլթիքսը: Մայլզ Թըրնըր աւելցուց 17 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, մինչ Փէյսըրզի 7 մարզիկներ 10-է աւելի...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կրնայ Ծախել Սանչոն Եւ Վան Տը Պիքը` Եուվէին

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կրնայ Ծախել Սանչոն Եւ Վան Տը Պիքը` Եուվէին

Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը կ՛ուզէ ամէն գնով ազատիլ միջնապահներ Ճէյտըն Սանչոյէն եւ Տոնի Վան տը Պիքէն` ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ: Իտալիոյ Եուվենթուս ակումբը պատրաստ է միջնապահ զոյգը ձեռք ձգելու 26 միլիոն անգլիական փաունտի փոխարէն: Սանչօ դաշտ չէ ներկայացած անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր, երբ մարզիչ Թեն Հակի հետ անհամաձայնութիւն երեւան եկաւ, մինչ Վան տը Պիք միայն 1 ելոյթ ունեցաւ Եունայթըտի շապիկով այս...

Քիոքուշին Քարաթէ.  Հայաստան 15 Ոսկի Մետալներ Նուաճեց Քիոքուշին Քարաթէի Արեւելեան Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Քիոքուշին Քարաթէ. Հայաստան 15 Ոսկի Մետալներ Նուաճեց Քիոքուշին Քարաթէի Արեւելեան Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Շաբաթավերջին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի Քիոքուշին քարաթէի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 12 երկիրներու: Հայաստանի Քիոքուշին քարաթէի ֆետերասիոնի 50 հոգինոց պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ հիմնադիր նախագահ Անդրանիկ Յակոբեանի, փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց այս մրցաշարքին: Ստորեւ` մետալներ շահած մարզիկներուն անուանացանկը: Ոսկի Մետալ 1.- Քրիսթիան Մելիքեան (մարզիչ` Անդրանիկ Յակոբեան) 2.- Նայիրա Խուտապաշեան (մարզիչ` Անդրանիկ Յակոբեան) 3.- Էլեն Եփրեմեան (մարզիչ` Անդրանիկ Յակոբեան) 4.- Վանիկ Յովսէփեան...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Եւ Լեւերքուզըն Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Եւ Լեւերքուզըն Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին

- Ինթեր Յաղթեց Նափոլիի Դաշտին Վրայ - Պարսելոնա Յաղթեց Աթլեթիքոյի Եւրոպական ֆութպոլի շաբաթավերջը բաւական հետաքրքրական մրցումներով եւ արդիւնքներով լեցուն էր: Անգլիոյ մէջ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց Թոթենհամի դէմ իր մրցումը, մինչ Լիվըրփուլ 3-2 արդիւնքով ետ կը մնար 81-րդ վայրկեանին, կրցաւ 4-3 արդիւնքով յաղթել: Մանչեսթըր Եունայթըտ շարունակեց իր ոչ համոզիչ ելոյթները եւ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Նիւքէսըլի դաշտին վրայ:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Այսօր` Ինտիանա – Պոսթըն Եւ Սաքրամենթօ – Նիւ Օրլինզ

«Էն. Պի. Էյ.» Այսօր` Ինտիանա – Պոսթըն Եւ Սաքրամենթօ – Նիւ Օրլինզ

Այսօր կը սկսի «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ին Սիզըն Թուրնըմընթ»-ի քառորդ աւարտականը, որ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով: Առաջին մրցումին, Ինտիանա Փէյսըրզ կը հիւրընկալէ Պոսթըն Սելթիքսը: Ինտիանա, որ լաւագոյն յարձակողական խաղաոճը կ՛որդեգրէ այս տարեշրջանին, իր դէմ ունի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն ամբողջական խումբերէն Պոսթըն Սելթիքսը: Այս մրցումին յաղթականը իր դէմ պիտի ունենայ Միլուոքի Պաքս - Նիւ Եորք Նիքս մրցումին (վաղը) յաղթականը:...

Սփերցեան Եւ Թիկնիզեան Իրենց  Ակումբներուն Հետ Կոլեր Նշանակեցին

Սփերցեան Եւ Թիկնիզեան Իրենց Ակումբներուն Հետ Կոլեր Նշանակեցին

Շաբաթավերջին Ռուսիոյ ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին Կրասնոտար 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրենպուրկը: 45-րդ վայրկեանին Էտուարտ Սփերցեան նշանակեց Կրասնոտարի առաջին կոլը, տարեշրջանի իր 8-րդ կոլը: Մրցակից կազմէն Ստեփան Յովհաննէսեան նշանակեց հաւասարութեան կոլը, ապա Իլզաթ Ախմեթով նշանակեց Կրասնոտարի 2-րդ կոլը, մնալով դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ, 2 կէտի առաւելութեամբ Զենիթէն, որ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Զենիթ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն, որուն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մըթայլեպ 68-54

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մըթայլեպ 68-54

Այսօր` Չեմփս - ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ուրբաթ գիշեր, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 68-54 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Մըթայլեպի դէմ մրցումին: Փերլա Նասր 28 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ արձանագրեց, Փաթիլ Ասատուրեան աւելցուց, 23 կէտ, 5 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ կատարեց: Եաշա Զէյնուն 6 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Այսօր երեկոյեան ժամը...

ՖԻՖԱ Պատանիներու Մոնտիալ.  Գերմանիա` Աշխարհի Ախոյեան

ՖԻՖԱ Պատանիներու Մոնտիալ. Գերմանիա` Աշխարհի Ախոյեան

Շաբաթ օր, Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցաւ 17 տարեկանէն վար պատանիներու 19-րդ մոնտիալի աւարտական մրցումը` Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ: Գերմանիա 29-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումի հաշիւը` շնորհիւ Փարիս Պրունըրի փենալթիին: Բ. կիսախաղին խմբապետ Նոա Տերվիշ 51-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածեց 2-0-ի, բայց Ֆրանսա 2 վայրկեան ետք փոխադարձեց շնորհիւ Սայմոն Նատելիա Պուապրէի: 69-րդ վայրկեանին Ուինըրզ Մարք Օսաուէ իր 2-րդ դեղին քարտը ստացաւ, եւ Գերմանիա...

«Եու. Էֆ. Սի.»  Արման Ցարուկեան Նաք-Աութով Յաղթական

«Եու. Էֆ. Սի.» Արման Ցարուկեան Նաք-Աութով Յաղթական

Երէկ տեղի ունեցաւ «Եու. Էֆ. Սի.» «Ֆայթ նայթ 233»-ը, ուր հիմնական մրցումը Պենէյլ Տարիուշի եւ Արման Ցարուկեանի մրցումն էր: Թիւ 8 դասուած թեթեւ կշիռի մարզիկ Ցարուկեանի ճակատումը եղաւ շատ հետաքրքրական, ուր ամերիկացի (ծագումով` իրանցի) Տարիուշ ձախ ոտքի հարուածներով փորձեց նեղի բերել Ցարուկեանը, բայց հայազգի մարզիկը հանդարտօրէն պաշտպանուեցաւ` ինքզինք լաւ դիրքաւորելով: Ան հաստատ մնաց եւ լաւապէս դիտեց կեդրոնացած իր մրցակիցը` սպասելով...

Բռնցքամարտ.  Վաղարշակ Քէեան` Ոսկի Մետալակիր

Բռնցքամարտ. Վաղարշակ Քէեան` Ոսկի Մետալակիր

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի երէց պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները սկսան երէկ: Առաջին ոսկի մետալը ստացած 48 քկ կշիռի գծով Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Վաղարշակ Քէեան 4-1 արդիւնքով գեղեցիկ յաղթանակ մը արձանագրեց գերմանացի Էմալ Համտամի վրայ: 2 լարուած ռաունտերէ ետք, 3-րդ ռաունտին արդէն Վաղարշակ նաք տաունի ենթարկեց մրցակիցը: 52 քկ կշիռի մրցումներուն, Արեն Խառատեան պարտութիւն մը կրեց Խըրխըզիստանի մրցակիցէն...

Բռնցքամարտ.  Լէոն Հարթ 2-րդ Դասուած

Բռնցքամարտ. Լէոն Հարթ 2-րդ Դասուած

Գերմանացի հայազգի բռնցքամարտիկ Լէոն Հարթ ուրբաթ օր դասուեցաւ 2-րդ դիրքի վրայ «Ուորլտ Պոքսինկ Էսոսիէյշընզ» (WBA) բռնցքամարտի միութեան կողմէ, մինչեւ 101,6 կշիռքի մարզիկներու կողքին: Քրուզըր Ուէյթի (ծանր կշիռի) գծով առաջին դասած է ռուս Եւկենի Թիշչենքօ: Նշենք, որ Բռնցքամարտի համաշխարհային միութիւնը (WBA) հետեւած է «Ուորլտ Պոքսինկ Քաունսըլ»-ին (WBC)` այս նոր կշիռի դասաւորումը օգտագործելու: 9 դեկտեմբերին Տուպայի մէջ առաջին 2 դասուած բռնցքամարտիկները` Թիշչենքօ...

Հրաձգութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան` Ախոյեան

Հրաձգութիւն. Էլմիրա Կարապետեան` Ախոյեան

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականի անդամ Էլմիրա Կարապետեան Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Լեհաստանի բաց քալիպըր միջազգային մրցաշարքի աղջկանց 10 մեթր ատրճանակի մրցումներուն ոսկի մետալ շահեցաւ` աւարտականին 237,6 կէտ հաւաքելէ ետք: Կարապետեան նախապէս 2-րդ դիրքը գրաւելով հասած էր աւարտական: Նշենք, որ 2 օր առաջ նոյն մրցաշարքի 10 մեթր ատրճանակի երկսեռ մրցումներուն Բենիկ Խլղաթեան եւ Էմիրա Կարապետեան դարձած էին արծաթէ տիտղոսակիր:

«Էն. Պի. Էյ.»  26 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Տալաս 30-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ, Բայց…

«Էն. Պի. Էյ.» 26 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Տալաս 30-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ, Բայց…

«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս շաբաթավերջը քիչ մը պատմական էր: Արդարեւ, Տալասի մէջ տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, տեղւոյն Տալաս Մեւրիքսը կը մրցէր Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ, որ մրցումը շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ առաջին մասին 33-27 արդիւնքով յառաջացաւ: Տալաս, որ առանց Քայրի Ըրվինկի կը մրցէր, 2-րդ մասին 10 կէտի առաւելութեամբ աւելի եւս ետ մնաց: 3-րդ մասին արդէն տարբերութիւնը 26-ի հասած...

Page 238 of 1281 1 … 237 238 239 … 1,281

Արխիւներ