Երէկ շարունակուեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան մրցումները: Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, գլխաւորութեամբ Ժոել Էմպիիտի (34 կէտ, 11 ռիպաունտ), իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց վերջին 10 մրցումներուն` պարտութեան մատնելով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը` 146-101 արդիւնքով: Քայլ Քուզմա նշանակեց 21 կէտ` ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ: Եաննիս Անթեթոքումփոյի 32 կէտերը եւ 12 ռիպաունտները օգնեցին Միլուոքիին պարտութեան մատնելու Շիքակօ Պուլզը: Տըմար Տըրոզըն 41 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Շիքակոյի, որ 118-118 արդիւնքով հաւասարելէ ետք, աւելցուած վայրկեաններուն 11-15 արդիւնքով պարտուեցաւ, 4 յաջորդական յաղթանակներէ ետք: Տալաս Մեւրիքս իր յաջորդական երրորդ մրցումը յաղթեց` Թենեսիի մէջ պարտութեան մատնելով տեղւոյն Մեմֆիս Կրիզլիզը 120-113 արդիւնքով: Լուքա Տոնչիչ 35 կէտ նշանակեց, մինչ Տերեք Լայվլի աւելցուց 16 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ի նպաստ Տալասի, որմէ կը բացակայէր Քայրի Ըրվինկ, որ վիրաւոր է:
Մինեսոթա, որ այժմ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած խումբն է, 121-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզէն: Զայոն Ուիլիըմըն 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փելիքընզի, որ 13-րդ յաղթանակը արձանագրեց 24 մրցումներու ընթացքին: Քարլ Անթոնի Թաունզ 17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 22 մրցումներու ընթացքին 5-րդ պարտութիւնը կրեց:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 132-127 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Լոս Անճելըսի մէջ` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ:
Քուայ Լենըրտ (34 կէտ), Փօլ Ճորճ (20 կէտ, 8 ռիպաունտ, 8 էսիսթ) եւ Ճէյմզ Հարտըն (20 կէտ, 7 էսիսթ) եղան Քլիփըրզի աստղերը: Խումբը վերջին 10 մրցումներէն 7-ն յաղթանակով աւարտեց: Փորթլենտ, որուն աստղն էր Էնֆըրնի Սիմընզ, 38 կէտ նշանակեց, բայց իր խումբը 7-րդ պարտութիւնը կրեց վերջին 10 մրցումներուն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 146-101
Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 104-94
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 123-131
Չարլոթ Հորնեթց – Մայեմի Հիթ 114-116
Նիւ Եորք Նիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 136-130
Աթլանթա Հոքս – Տենվըր Նակեթց 122-129
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Եութա Ճէզ 134-120
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 121-107
Միլուոքի Պաքս – Շիքակօ Պուլզ 133-129
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տալաս Մեւրիքս 113-120
Հիւսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 92-82
Սաքրամենթօ Քինկզ – Պրուքլին Նեթց 131-118
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 132-127
Նշենք, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ը երէկ յայտարարեց «Ին-սիզըն» մրցաշարքի լաւագոյն խումբը: «Էն. Պի. Էյ.»-ի տարեշրջանի նման ամէն դիրքի յարմար մարզիկներ չընտրուեցան, այլ մարզիկներ, որոնք այս մրցաշարքին լաւագոյն ելոյթները ունեցան: Լըպրոն Ճէյմս, որ «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը շահեցաւ (լաւագոյն մարզիկ), իրեն հետ ունի խմբակից Անթոնի Տէյվիսը (Լէյքըրզ), Ինտիանայի մարզիկ Թայրիս Հալիպըրթընը, Ֆէօնիքսի մարզիկ Քեւին Տիւրենթը եւ Միլուոքի մարզիկ Եաննիս Անթեթոքումփոն:


