Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

March 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Մէյրուպայի դէմ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, գիշերուան ժամը 21:00-ին:

Ախոյեանութեան նախավերջին այս մրցումը շատ կարեւոր է, մանաւանդ որ շատ խումբեր իրար մօտ են, եւ ֆայնըլ էյթի դիրքը կը յստականայ այս վերջին երկու հանգրուաններու աւարտին:

Մեր համակիրներէն կը սպասուի քաջալերել տղաքը, որոնք պէտք ունին այս յաղթանակին` նկատի ունենալով, որ որեւէ խումբ անակնկալ կրնայ ընել, երբ լուրջի չառնուի:

Յոյսով, որ մարզիկներն ալ լաւապէս ապաքինած կ՛ըլլան, կու տան իրենց լաւագոյնը, եւ մրցումէ աւելի ճիգ թափելով կը հասնինք լաւ արդիւնքներու:

Վերջին մրցումին խումբին լաւագոյն օտար մարզիկը` Զեք Լոֆթըն, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով չմասնակցեցաւ, բայց այսօր հաւանաբար վերադառնայ դաշտ եւ նոր օտար մարզիկ Ճամալ Ճոնզի հետ լաւ արդիւնք ցուցաբերէ:

Յոյսով, որ Կերի Չիւիչեանն ալ կը վերադառնայ, որովհետեւ վերջին մրցումներուն շատ քիչ առիթ կ՛ունենանք մարզիկ փոխարինելու կամ հանգստացնելու:

Այսօր մեր դաշտին վրայ, վստահաբար համակիրներուն հետ միասին ականատես կ՛ըլլանք գեղեցիկ մրցումի մը եւ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով յոյս կ՛ունենանք ֆայնըլ ֆորի համար կարեւոր դիրք մը գրաւել:

Խմբապետ Ժերար Հատիտեան, Կեպի Աճեմեան, Ժատ Խալիլ շատ լաւ մրցումներ կ՛ունենան վերջերս, եւ ամէն մարզիկ իր ձեւով կ՛օգնէ խումբին: Ճամալ Ճոնզ լաւ մարզիկ մը կ՛երեւի, եւ տեղին գիտէ եւ կը կատարէ իրմէ պահանջուածը, մինչ Տուէյն Ճեքսըն իր կարելին կ՛ընէ երբեմն յաջող 3 կէտնոց կողովներով կամ ռիպաունտ հաւաքելով: Եթէ Զեք Լոֆթըն մասնակցի, շատ կ՛օգնէ Ժատ Խալիլին, որ միայն կրնայ կեդրոնանալ գնդակ բաժնելով, մինչ Ճիմի Սալեմ, որ վիրաւոր էր, պէտք է ընէ շատ աւելին, եթէ նկատի ունենանք անցեալ տարիներու իր մակարդակը, երբ Լուէյզիի հետ էր եւ ազգային խումբ կանչուած:

Կեպի Աճեմեան պայքարող մարզիկ է եւ քիչ մը եթէ կարենայ ինքզինք զսպել ու չջղայնանալ, շատ աւելի լաւ արդիւնք կրնայ տալ:

Յոյսով, որ բոլոր մեր տղաքը լաւ կ՛ըլլան, եւ ՀՄԸՄ սպասուած արդիւնքը կ՛արձանագրէ` ուրախացնելով համակիրները:

 

 

Նախորդը

Խաչանով – Ռուպլեւ Բարեգործական Մրցումին 100 Հազար Ամ. Տոլար` Արցախահայութեան

Յաջորդը

«ՕԹԱՆ-ը Առաւելագոյն Նպատակ Ճշդած Է` Հարաւային Կովկասի Մէջ Ռուսիոյ Դէմ` 2-րդ Ճակատ Բանայ» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.