Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Լուրեր

March 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՐԹՄՈՒՆՏԻ եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին յետսապահ Մաթս Հումելզ հաւանաբար լքէ ֆութպոլի իր ասպարէզը այս եղանակի աւարտին, ըստ «Պիլտ»-ի:

Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ ամրան, եւ այժմ ոչ մէկ խօսք կայ այդ պայմանագրութեան երկարաձգման կամ այլ ակումբ փոխանցուելու առաջարկի մասին:

Հումելզ 2019-էն ի վեր կը կրէ Տորթմունտի տարազը: Ան նախապէս 2008-էն 2016 կը խաղար Տորթմունտի հետ, ապա փոխանցուած էր Պայերն Միւնիխ:

Այս տարեշրջանին Հումելզ 29 մրցումներու մասնակցած է եւ նշանակած 3 կոլ:

Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժերու հաւանաբար միանայ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի խումբերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի:

Ժերուի պայմանագիրը Միլանի հետ կ՛աւարտի յունիսի վերջը: Ան 36 մրցումներու մասնակցած է` նշանակելնով 14 կոլ:

ՔՐԻՍԹԻԱՆՕ Ռոնալտօ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր ասպարէզը աւարտելէ առաջ կ՛ուզէ միանալ Սփորթինկ Լիզպոնին: «Ես հոն սորված եմ ֆութպոլ եւ հռչակ առած այդ ակումբէն: «Կ՛ուզեմ միանալ, նոյնիսկ եթէ 1 տարեշրջան պիտի խաղամ: Եթէ Սփորթինկը չըլլար հաւանաբար Մաքտոնալտծ կ՛աշխատէի», ըսաւ Ռոնալտօ, որ 2003-ին լքած էր Սփորթինկը` միանալով Մանչեսթըր Եունայթըտին:

ԻՆԹԵՐ Միլան լուրջ բանակցութեան մէջ է` ձեռք ձգելու Ճենովայի իսլանտացի յառաջապահ Ալպերթ Կուտմունսոնը:

Ճենովա կը պահանջէ 30 միլիոն եւրօ, եւ Ինթերի գլխաւոր տնօրէն Ճիւզեփէ Մարոթա կը փորձէ անոր աշխատավարձի գումարին համար ալ բանակցիլ ձեռք ձգելու Կուտմունսոնը, որ 29 մրցումներու ընթացքին 12 կոլ նշանակած է եւ 4 էսիսթ կատարած:

Նշենք, որ նախապէս Եուվենթուսն ալ հետաքրքրուած էր իսլանտացի յառաջապահով:

ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտի միջնապահ Քոպի Մայնու հրաւիրուեցաւ Անգլիոյ ազգային խումբ:

18 տարեկան Մայնու հաւանաբար դաշտ ներկայանայ Պրազիլի եւ Պելճիքայի դէմ բարեկամական մրցումներուն:

Ան Եունայթըտի հետ 20 մրցում կատարած է` այս տարեշրջանին նշանակելով 2 կոլեր:

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ազգային խումբ վերադարձած միջնապահ Թոնի Քրուս յայտնեց, թէ այժմէն չի մտածեր, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Եուրօ 2024-ի մրցաշարքէն ետք: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պիտի լքէ՞ ազգային խումբը, ան ըսաւ. «Ես չեմ մտածեր այդ մասին: Շատ բաներ, որոնք կրնան ըլլալ մրցաշարքէն ետք, տակաւին յստակ չեն: Ես թերեւս ակմբային պայմանագրութիւն չունենամ յաջորդ տարեշրջանին համար: Նախ այդ խնդիրը պէտք է լուծեմ»:

Նշենք, որ Քրուի պայմանագիրը` Ռէալ Մատրիտի հետ, կ՛աւարտի յունիսին վերջը:

 

Նախորդը

Վարք Մեծաց

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Լաւ Չխաղցաւ, Բայց Յաղթեց

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.