Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ պարտութիւն մը կրեց Սիտնիի մէջ, Աւստրալիոյ դէմ զտումի առաջին մրցումին, 2-0 արդիւնքով:
Այս մրցումը Ասիոյ 3-րդ հանգրուանին գծով զտումի մրցումներու ծիրին մէջ է` 2026-ի մոնտիալի եւ 2027-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի, որ տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Քէանու Պաքոս 5-րդ վայրկեանին երկար փոխանցում մը փորձեց բարձրացնել աջ կողմէն, որ Լիբանանի բերդապահ Մուսթաֆա Մաթարի բերդի աջ սիւնին դպնալով «սխալմամբ» դարձաւ Աւստրալիոյ առաջին կոլը` անակնկալի բերելով նոյնիսկ Պաքոսի խմբակիցները:
54-րդ վայրկեանին, Քայ Ռոլզ մեծ քառակուսիին մէջէն զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց Աւստրալիոյ եւ մրցումին 2-րդ կոլը:
Դարձի մրցումը տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի օր, մայրաքաղաք Քանպերայի դաշտերէն մէկուն մէջ, որ Լիբանանի դաշտը պիտի նկատուի` նկատի ունենալով, որ, ըստ ՖԻՖԱ-ի եւ «Էյ. Էֆ. Սի.»-ի (Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը), Լիբանան ազգային խումսբի յարմար դաշտ չունի, որ ֆութպոլ հիւրընկալէ…