Այս կիրակի, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 6:00-ին տեղի կ՛ունենայ Աւստրալիոյ կրան փրին, «Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարուան 3-րդ մրցումը, Մելպուռնի շրջավազքին վրայ:
Մէկ շրջանի երկայնք` 5,278 քմ: Ընդհանուր մրցում` 306,124 քմ, 58 շրջան:
2023-ին Փոլ Փոզիշըն ձեռք ձգեց Մաքս Վերշթափըն (Նետերլանտներ), Ռետ Պուլ, 1 վայրկեան 16,732 երկվայրկեան: Ախոյեան` Վերշթափըն:
Ամէնէն արագ շրջան` Սերխիօ Փերես (Մեքսիքա), Ռետ Պուլ, 1:20.235: 2020-ին եւ 2021-ին մրցում տեղի չունեցաւ Ապերթ Փարքի մէջ: 2022-ին շրջավազքը 28 մեթրով կրճատեցին` 2 դարձուածք դուրս ձգելով, մինչ 7 դարձուածքներ բարեփոխումներու ենթարկուեցան:
Կիրակի օրուան մրցումին 2 աւստրալիացի վարորդներ պիտի մասնակցին` Մաքլարենի վարորդ Օսքար Փիասթրիին եւ Ար. Պի.-ի վարորդ Տանիէլ Ռիքիարտոն, առաջին անգամ ըլլալով 2013-էն ետք, երբ Ռիքարտօ ներկայ էր Մարք Ուեպըրի կողքին:
Ոչ մէկ աւստրալիացի վարորդ շահած է իր երկրի կրան փրին: Այս մրցումը պիտի ըլլայ 27-րդ կրան փրին` Ապլերթ Փարքի մէջ, եւ ընդամէնը 38-րդ Աւստրալիոյ կրան փրին: Ատելայտի մէջ տեղի ունեցող այս մրցումը 1985-էն 1995 կ՛ըլլար տարուան վերջին կրան փրին:
Այժմու վարորդներէն 5-ը նախապէս շահած են այս կրան փրին` Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (2006), Լուիս Համիլթըն (2008, 2015), Վալթերի Պոթա (2019) Շարլ Լըքլեր (2022) եւ Վերշթափըն (2023):
Ֆեռարիի պատմական վարորդ Միքայէլ Շումախըր 4 անգամ շահած էր Աւստրալիոյ մէջ (մրցանիշ):
Համիլթըն փոլ փոզիշընը շահած է 8 անգամ (2008, 2012, 2014-էն 2019): Մաքլարեն 11 անգամ շահած էր այս մրցումը (մրցանիշ), իսկ Ֆեռարի` 10:
Ամէնէն ուշ սկսող վարորդը, որ շահած է այս կրան փրին, եղած է Էտի Ըրվայն, որ սկսած է 11-րդ դիրքէն եւ շահած 1999-ի կրան փրին իր Ֆեռարիով: Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցած 26 մրցումներէն 17-ն շահած են առաջին երկու դիրքերը գրաւող վարորդներ:
Փիրելլի իր ամէնէն կակուղ անիւները կը բերէ այս մրցումին: Այս շրջավազքի խիթ-լէյնը (անիւ փոխելու դադարը) ամէնէն կարճերէն է (2-րդ) 281 մեթր:
Վերշթափըն կը գրաւէ ախոյեանութեան առաջին դիրքը 41-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով, մայիս 2022-էն ի վեր (Սպանիոյ մէջ): Ան 15 կէտով կը գերազանցէ իր խմբակից Փերեսը, Շարլ Լըքլեր (Ֆեռարի) 8 կէտով ետ կը մնայ Փերեսէն:
Համիլթըն 103 մրցում շահած է (մրցանիշ) 334 մրցումներու մասնակցութենէ, բայց 2021-էն ի վեր որեւէ մրցում չէ կրցած շահիլ: Ան 47 մրցումներէ ետք տակաւին չէ կրցած շահիլ որեւէ մրցում:
Ռետ Պուլ անցեալ տարուան 22 մրցումներէն 21-ը շահած էր, եւ Վերշթափըն 19 (մրցանիշ) մրցումներ յաջողութիւն գտած, ինչպէս նաեւ իր վերջին կատարած 35 մրցումներէն 33-ը` շահած:
Վերշթափըն 56 կրան փրի շահած է (3-րդ լաւագոյնը` պատմութեան): Միքայէլ Շումախըր երկրորդ դիրքը կը գրաւէ 91 յաղթանակով: Վերշթափըն շահած է յաջորդական 9 մրցումներ եւ այս շաբաթ կրնայ հաւասարիլ 2023-ի իր մրցանիշին` 10 յաջորդական մրցումներ շահելով:
Փոլ փոզիշընի մրցանիշը կը պատկանի Լուիս Համիլթընի, որ 104 անգամ յաջողած է առաջին դիրքէն սկսիլ, վերջին փոլ փոզիշընը Հունգարիոյ մէջ` անցեալ տարի:
Վերշթափըն 100-րդ անգամ ըլլալով բարձրացած էր փոտիում (առաջին երեք դիրքերը գրաւող) Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Ան պատմութեան 7-րդ վարորդն է, որ այս թիւին կը հասնի եւ 3-րդը մէկ խումբի հետ: Շումախըր (Ֆեռարի) 116 փոտիում ունի եւ Համիլթըն 148 Մերսետեսի հետ (197 ընդհանուր):
Ռետ Պուլի վարորդը մրցանիշ արձանագրեց անցեալ տարի 21 անգամ բարձրանալով փոտիում, բայց Շումախըր կը մնայ միակ վարորդը, որ իր կատարած բոլոր մրցումներուն բարձրացաւ փոտիում 2002-ին: