Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՖԱ-ի Ազգային Խումբերու Մրցումներ. Այսօր` Հայաստան – Քոսովօ

March 22, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, Հայաստանի ազգային խումբը բարեկամական մրցում մը ունի կատարելիք Քոսովոյի դէմ, ՖԻՖԱի շաբթուան ազգային խումբերու դադարի գծով:

Բազմաթիւ ազգային խումբեր կը պատրաստուին 2024-ի Եւրպայի ախոյեանութեան, այլ խումբեր կը խաղան 2026-ի զտումի մրցումներ, իսկ կարգ մը ազգային խումբեր ալ կը պատրաստուին այլ միջազգային մրցումներու:

Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Վահան Պիչախչեան յայտնեց, թէ ինք եւ ազգային խումբը շատ լաւ ձեւով պատրաստուած են եւ կը պատրաստուին այսօրուան մրցումին` Քոսովոյի դէմ:

«Անհամբեր կը սպասենք մրցումին` ուրախացնելու մեր համակիրները: Երկար ժամանակէ ի վեր չենք խաղցած մեր համակիրներուն ներկայութեամբ, եւ ասիկա լաւ առիթ է մեր դաշտին վրայ լաւագոյնը տալու եւ յաջող արդիւնք ձեռք ձգելու: Իմ նպատակս է կոլ նշանակել, բայց աւելի կարեւոր է, որ խումբը յաղթէ: Իմ ուժեղ կողմս է կոլեր նշանակելը, եւ պիտի փորձեմ նորէն կոլեր նշանակել ազգային խումբին հետ:

Քոսովոյի մասին բաւական տեղեկութիւն ունինք, եւ մեր բոլորին կեդրոնացումը պիտի ըլլայ այս խաղի վրայ: Շատ լաւ հաւաքական ունին, բարձրակարգ դասակարգերուն մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստներ ունին, ինչպէս նաեւ նոր մարզիչ ալ ունին: Կը կարծեմ, որ հետաքրքրական մրցում մը պիտի ըլլայ: Բայց մենք ալ լաւ պատրաստուած ենք եւ ամէն ինչ պիտի ընենք` յաղթելու», ըսաւ Վահան Պիչախչեան:

Այսօրուան մրցումէն ետք Հայաստան կը մեկնի Փրակա, ուր երեքշաբթի օր պիտի մրցի Չեխիոյ ազգային խումբին դէմ:

Չեխիոյ ազգային խումբը այսօր պիտի մրցի Նորվեկիոյ դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Վաղը շատ հետաքրքրական մրցումներ կան Եւրոպայի մէջ, ուր Անգլիա, որ ՖԻՖԱ-ի դասաւորման 3-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ Պրազիլը, որ 5-րդ դասուած է ՖԻՖԱ-ի կողմէ:

Այլ մրցումի մը, թիւ 2 դասուած Ֆրանսայի ազգային խումբը Փարիզի մէջ պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ ազգային խումբը, որ վերջերս լաւ արդիւնքներ չէ արձանագրած, մտահոգիչ բան մը, մանաւանդ որ Գերմանիա պիտի հիւրընկալէ 2024-ի ամրան տեղի ունենալիք Եուրօ 2024-ը:

Վերջին անգամ երկու խումբերը մրցած էին Գերմանիոյ մէջ, եւ Գերմանիա 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր 12 սեպտեմբեր 2023-ին: Այդ մրցումէն ետք Գերմանիոյ ազգային խումբը Միացեալ Նահանգներու դէմ յաղթանակ արձանագրած էր, ապա յաջորդ երեք մրցումներուն 2 պարտութիւն եւ 1 հաւասարութիւն արձանագրած:

Ստորեւ` այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք բարեկամական կարեւոր մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ

Հայաստան – Քոսովօ
Նորվեկիա – Չեխիա
Նիկերիա – Ղանա
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Մոլտովա
Նետերլանտներ – Սկովտիա
Ռումանիա – Հիւսիսային Իրլանտա
Սպանիա – Քոլոմպիա

ՎԱՂԸ

Արժանթին – Սալվատոր
Այիր – Պելճիքա
Սլովաքիա – Աւստրիա
Դանիա – Զուիցերիա
Անգլիա – Պրազիլ
Ֆրանսա – Գերմանիա
Թունուզ – Խրուաթիա

 

Նախորդը

Մաշտոց Անուն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆինիքս Սանզ Յաղթեց. Տիւրենթ Պատմութեան 8-րդ Առաւելագոյն Կէտ Նշանակողը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.