Վաղը ժամը 21:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց վերջին մրցումը պիտի կատարեն մեր դաշտին վրայ, ֆայնըլ էյթի մրցումներէն առաջ, Մէյրուպայի դէմ:
Երթին Մէյրուպայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ 81-77 արդիւնքով յաղթած էր իր մրցակիցին, որ 16 մրցումներու ընթացքին միայն 1 մրցում կրցած է յաղթել:
ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ խաղալ միայն յաղթելու նպատակով, համակիրներու քաջալերանքէն օգտուելով, բան մը, որ առաջին անգամ պիտի վայելէ խումբին նորեկ Ճամալ Ճոնզը, որ տակաւին 6 օր առաջ հասած է Լիբանան եւ ծանօթ չէ մեր համակիրներու եռանդին:
Մրցակից խումբը իր վերջին մրցումներուն դաշտ կը ներկայացնէ 6 մարզիկներ, որոնց կարգին երեք օտարներ, մինչ ՀՄԸՄ, որ վիրաւորներ ունէր վերջին մրցումներուն, յուսանք, որ դարմանուած ըլլալով աւելի մեծ թիւով պատրաստ ըլլան, օգնելու առաջին 5-ին:
ՀՄԸՄ իր վերջին մրցումին 7 մարզիկներ օգտագործեց, բայց Զեք Լոֆթընի եւ Կերի Չիւիչեանի վերադարձով կրնանք դաշտին վրայ ունենալ 9 մարզիկներ, որոնք շատ աւելի կը հանգստացնեն իրենց խմբակիցները:
Մէյրուպայի մրցումէն ետք ունինք Էն. Էս. Էյ.-ը, եւ անպայման յաղթանակ մը արձանագրելով այս մրցումներուն կը յստականայ մեր վիճակը: Այժմ խումբը կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` Շանվիլի նման 10 յաղթանակ արձանագրելով, մինչ Պէյրութ 11 յաղթանակ արձանագրած է, իսկ Սաժես (2-րդ) 12: Շատ բան կրնայ փոխուիլ, մանաւանդ որ Պէյրութ մրցում ունի կատարելիք Ռիատիի դէմ, Սաժես մրցում ունի Ռիատիի դէմ, մինչ Շանվիլ մրցումներ ունի Անթունիէի եւ Անդրանիկի դէմ:
Ստորեւ` այս հանգրուանի յայտագիրը իրենց վաւերացուած թուականներով.
ՎԱՂԸ
Ժամը 16:00-ին, Հուփս – Անթունիէ
Ժամը 21:00-ին ՀՄԸՄ – Մէյրուպա
ՈՒՐԲԱԹ ՕՐ
Ժամը 16:00-ին Անդրանիկ – Էն. Էս. Էյ.
ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Ժամը 16:00-ին Սաժես – Հուփս
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Ժամը 21:00-ին Պէյրութ – Ռիատի
Վերջին Հանգրուան (Թուականը Փոփոխելի)
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 28 ՄԱՐՏ
Ժամը 16:00-ին Հուփս – Անթունիէ
Ժամը 19:00-ին Մէյրուպա – Պէյրութ
ՇԱԲԱԹ 30 ՄԱՐՏ
Ժամը 21:00-ին
Ռիատի – Սաժես
Շանվիլ – Անդրանիկ
Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ


