Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՖԱ-ի Շաբթուան Մրցումներ. Հայաստան, Ֆրանսա Եւ Անգլիա Պարտուեցան

March 25, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՖԱ-ի շաբթուան մրցումները սկսան անցեալ շաբաթավերջին: Երեւանի մէջ, ուրբաթ իրիկուն, Հայաստանի ազգային խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քոսովոյի դէմ մրցումին:

25-րդ վայրկեանին Միլոթ Ռաշիցա նշանակեց Քոսովոյի կոլը: 45-րդ վայրկեանին Հայաստան առիթ ունեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնելու: Արդարեւ, Վահան Պիչախչեանի վրայ կարծր ֆաուլէ մը ետք, իրաւարարը փենալթի մը սուլեց ի նպաստ Հայաստանի, որ նոյնինքն Պիչախչեանը հարուածեց, բայց Քոսովոյի բերդի սիւնը զսպեց անոր հարուածը:

Երկրորդ կիսախաղին, ազգային խումբը աւելի լաւ խաղաոճ մը կիրարկեց` ստեղծելով քիչ թէ շատ վտանգաւոր առիթներ, սակայն զանոնք կոլի վերածելը դժուար եղաւ:

Յիշեցնենք, որ այս հանդիպումը Հայաստանի ազգային խումբի 250-րդ մրցումն էր: Խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան իր 80-րդ մրցումը ունեցաւ ազգային խումբին շապիկով: 26 մարտին (վաղը) Հայաստան Փրակայի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ Չեխիոյ դէմ:

Պրազիլի յառաջապահ Էնտրիք, Ուեմպլիի մէջ, Պրազիլի ազգային խումբին հետ կոլ մը նշանակեց, որուն շնորհիւ իր խումբը յաղթեց Անգլիոյ:

17 տարեկան Էնտրիք, որ իր առաջին մրցումը կ՛ունենար Պրազիլի տարազով, եղաւ ամէնէն կրտսեր մարզիկը, որ Ուեմպլիի մէջ կոլ կը նշանակէ:

Էնտրիք, որ Փալմէյրասի հետ կը խաղայ, այս ամառ կը միանայ Ռէալ Մատրիտին: Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի ազգային խումբը, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն զօրաւոր խումբերէն, հիւրընկալեց Գերմանիոյ ազգային խումբը, որ վերջին 10 մրցումներուն միայն 2 մրցում կրցած էր յաղթել:

Մրցումի 7-րդ երկվայրկեանին Ֆըրիան Վիրց անզսպելի հարուածով մը նշանակեց Գերմանիոյ առաջին կոլը:

Այս մրցումէն քիչ առաջ նշանակած էր ազգային խումբերու ամէնէն արագ կոլը, երբ Քրիսթոֆ Պաումկարթնըր 6-րդ երկվայրկեանին Աւստրիոյ հետ նշանակեց շատ արագ կոլ մը` Սլովաքիոյ դէմ մրցումին` բարելաւելով Լուքաս Փոտոլսքիի մրցանիշը (Գերմանիա), երբ 2013-ին նշանակած էր Էքուատորի դէմ 7-րդ երկվայրկեանին:

Վերցի կոլը Փոտոլսքիի կոլէն քիչ մը աւելի արագ ըլլալով գրաւեց 2-րդ դիրքը: Ֆրանսա քիչ մը կորսուած վիճակ ունենալէ ետք 15-րդ վայրկեանէն սկսաւ ճնշել Գերմանիոյ բերդին վրայ, բայց Թետ Շթեկըն մնաց անդրդուելի:

Էմպափէ առիթով մը փորձեց Թետ Շթեկընի վրայէն ղրկել գնդակը, բայց Պարսելոնայի բերդապահը արթուն էր եւ փրկեց կացութիւնը:

Դաշտին կեդրոնը` Թոնի Քրուսի վերադարձով, Գերմանիա շատ լաւ ձեւով գնդակ կը բաժնէր երիտասարդ արագ զոյգին` Մուսիալա-Վիրցին, որոնք շատ անգամ դիւրութեամբ խուժեցին ֆրանսական մեծ քառակուսի:

Բ. կիսախաղին, Գերմանիա աւելի տերապետեց, եւ 4-րդ վայրկեանին Մուսիալայի մէկ յարձակումէն ետք գնդակը հասաւ Քայ Հավերթցի, որ անսխալ էր կոլին առջեւ` նշանակելով Գերմանիոյ 2-րդ կոլը: Այս կոլէն ետք երկու խումբերն ալ փոփոխութիւններ կատարեցին եւ բազմաթիւ յարձակումներ կազմակերպեցին, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Վերջին անգամ 2023-ի սեպտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ, Ֆրանսա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը եւս կրած էր:

Ստորեւ` ՖԻՖԱ-ի շաբթուան կարեւորագոյն արդիւնքները.

Հայաստան – Քոսովօ 0-1
Նիկերիա – Ղանա 2-1
Նորվեկիա – Չեխիա 2-1
Հունգարիա – Թուրքիա 1-0
Ալպանիա – Չիլի 0-3
Նետերլանտներ – Սկովտիա 4-0
Ռումանիա – Հիւսիսային Իրլանտա 1-1
Սպանիա – Քոլոմպիա 0-1
Արժանթին – Սալվատոր 3-0
Այիր – Պելճիքա 0-0
Սլովաքիա – Աւստրիա 0-2
Դանիա – Զուիցերիա 0-0
Անգլիա – Պրազիլ 0-1
Ֆրանսա – Գերմանիա 0-2

 

 

Նախորդը

Նշմար. Սեղմուող Թակարդներ

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Քարլոս Սայնց Կը Շահի Աւստրալիոյ Կրան Փրին

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան 4-րդ Պրոնզէ Մետալ Մըն Ալ Շահեցաւ

October 14, 2026
«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Փարիզ Սեն Ժերմեն

October 14, 2026
Բռնցքամարտ.  Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Բռնցքամարտ. Այսօր Կը Սկսի Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.