Տէանտրէ Հանթըր 24 կէտ նշանակեց, ներառեալ 3 կէտնոց կողով մը` մրցումի աւարտէն 9 երկվայրկեան առաջ, օգնելով Աթլանթա Հոքսին, որ յաղթէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբին` Պոսթըն Սելթիքսի, 120-118 արդիւնքով:
Պոսթըն, որ իր վերջին 22 մրցումներէն 22-ին յաղթած էր եւ 9 յաջորդական յաղթանակ տարած, շատ հանգիստ կը խաղար, երբ Ալ Հորֆըրտի 3 կէտնոց կողովն ալ 68-38-ի բարձրացուց տարբերութիւնը, կիսախաղէ 4 վայրկեան առաջ:
Բայց Հոքս, որ Արեւելեան շրջանի 8-րդ դիրքին համար կը պայքարի հասնելու փլէյ-օֆի մրցումներուն եւ յուսախաբ ըրած էր բոլորը իր անկայուն արդիւնքներով, բոլորին կողմէ չսպասուած անակնկալ մը ըրաւ, մանաւանդ առանց «Օլ Սթար»-ի մարզիկ Թրէյ Եանկի եւ 3 այլ բացակայ մարզիկներու:
Տըճոնթի Մարէյ նշանակեց մրցումի աւարտէն 1 վայրկեան առաջ, ի նպաստ Աթլանթայի, որ 117-116 արդիւնքով յառաջացաւ: Ճէյլըն Պրաուն ժամացոյցի դէմ պայքարի միջոցին արագ 3 կէտնոց կողով մը փորձեց, բայց ապարդիւն, մինչ հակայարձակողականին Քլինթ Քափելայի փոխանցումէն օգտուելով, Հանթըր նշանակեց 3 կէտնոց կողով մը: Պոսթըն կողով մը եւս նշանակեց, բայց Հոքս 1,5 երկվայրկեանը աւարտեց` տանելով անմոռանալի յաղթանակ մը:
Թեքսասի մէջ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ առանց իր ֆրանսացի «հսկայ» Վիքթոր Ուեմպանեամային, կրցաւ անակնկալի բերել Ֆինիքս Սանզը, 104-102 արդիւնքով:
Ճերեմի Սոհան կարեւոր 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց մրցումի վերջին վայրկեանին եւ մրցումը աւարտեց 26 կէտով կողով մը նշանակեց մրցումի վերջին վայրկեանին եւ մրցումը աւարտեց 26 կէտով ու 18 ռիպաունտով (իր ասպարէզի մրցանիշ):
Տեւըն Վեսըլ 26 կէտ աւելցուց ի նպաստ Սփըրզի: Ֆինիքսի կողմէ Տեւըն Պուքըր 36 կէտ նշանակեց եւ Քեւըն Տիւրենթ 29 կէտ աւելցուց:
«Յուսախաբ եղայ», ըսաւ Ֆինիքսի կարտ Պրետլի Պիլ` աւելցնելով. «Ձախողեցանք… Եկանք, կարծելով, որ դիւրին պիտի ըլլայ առանց Ուեմպիի… Շատ կարծր պայքարեցան, ինչպէս մեր մարզիչը ըսած էր մեզի, մենք չփոխադարձեցինք: Բան մը չկրցանք ընել… Ոչի՛նչ»:
Պիլ մրցումի վերջին 3 վայրկեանները դուրսէն դիտեց` աջ մատնեմատը ցաւցնելէ ետք:
Սանզ վերջին 5 վայրկեաններուն 14-7 արդիւնքով աւելի լաւ էր, բայց Սոհանի 3 կէտնոց կողովը` մրցումի աւարտէն 29 երկվայրկեան մնացած, եղաւ վճռական: Պուքըր եւ Տիւրենթ վերջին երկվայրկեաններուն կորսնցուցին 3 կէտնոց կողովներ որոնք կրնային մրցումին յաղթանակը ապահովել:
Սանզ, ներկայիս 8-րդ դիրքը կը գրաւէ արեւմտեան շրջանին մէջ, այժմ ունի 10 դժուար մրցումներ, փլէյ-օֆի պայքարող այլ խումբերու դէմ:
Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ, Լուքա Տոնչիչ եւ Քայրի Ըրվինկ միասնաբար 56 կէտ նշանակեցին` օգնելով իրենց խումբին` Տալաս Մեւրիքսին, որ յաղթէ Եութա Ճեզին 115-105 արդիւնքով:
Լուքա Տոնչիչ իր 19-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց այս եղանակին` նշանակելով 29 կէտ, 13 էսիսթ եւ ձեռք ձգելով 12 ռիպաունտ:
Քայրի Ըրվինկ 27 կէտ աւելցուց ի նպաստ Մեւրիքսի, որ իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց: Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (16 կէտ) եւ Տանիէլ Կեֆորտ (13 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եղան Տալասի աստղերէն:
Վերջին մասին, Տալաս լաւ պաշտպանեց եւ Եութա միայն 17 կէտ կրցաւ նշանակել (7 կողով):
«Մեր պաշտպանողականը վերջին քանի մը մրցումներուն շատ լաւ վիճակի մէջ է: Այս ձեւով պէտք է շարունակենք», ըսաւ Տոնչիչ:
Լաուրի Մարքանեն 6 հատ 3 կէտնոց կողով նշանակեց, ընդամէնը 34 կէտ ի նպաստ Եութայի: Մարքանեն կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` երկարահասակ մարզիկներու (2,14 մեթրէն աւելի), որոնք 1000-էն աւելի 3 կէտնոց կողովներ նշանակած են իրենց ասպարէզին մէջ: Մարքանենի 7-րդ տարեշրջանն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ:
Ստորեւ` վերջին 2 օրերու մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 101-114
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 107-121
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 121-84
Մինեսոթա Թիմպըրվուլզվ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 114-110
Միլուոքի Պաքս – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 118-93
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 150-145
ԵՐԷԿ
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Չարլոթ Հորնեթց 115-92
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պրուքլին Նեթց 88-96
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 124-99
Աթլանթա Հոքս – Պոսթըն Սելթիքս 120-118
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆենիքս Սանզ 104-102
Հիւսթըն Ռոքեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 110-92
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 105-107
Եութա Ճեզ – Տալաս Մեւրիքս 105-115
Տենվըր Նակեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 128-103
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 108-96
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 116-133