Այս շաբաթ օր, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ահլի Սարպային դէմ, Բ. հանգրուանի 7-րդ` շաբթուան մրցումներուն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը իրենց մրցակիցի մակարդակին չնայելով լուրջ մրցում մը պիտի կատարեն եւ 3 կէտ շահելու համար դաշտ պիտի ներկայանան` մրցելու, պայքարելու եւ վերջնական յաղթանակը ձեռք բերելու գնով:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը 18 կէտ հաւաքած են 6 մրցումներէ եւ 21-ի պիտի փորձեն հասցնել խումբի մը դէմ, որ միայն 1 յաղթանակ արձանագրած է տակաւին:
Բ. դիրքը գրաւող Տապըլ Քիք պիտի մրցի վերջին դիրքը գրաւող Ուահտէ Շուֆի դէմ, մինչ Ռապիթաթ Ուարտանիէ պիտի մրցի Հիլալ Նասրի դէմ, մրցումի մը, որ կարեւոր կը թուի ըլլալ գրաւելու 3-րդ դիրքը:
Նշենք, որ այս շաբաթ Պէյրութի շրջանի բոլոր մրցումները յետաձգուած են` նկատի ունենալով, որ խումբեր կան, որոնք յոյս ունին գրաւելու առաջին դիրքը եւ կ՛ուզեն նոյն ժամուն խաղալ, բայց անոնց մրցումները Լեռնալիբանանի մրցումներու ժամերուն հետ կը խաչաձեւուին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լեռնալիբանանի 7-րդ շաբթուան յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Ժամը 12:30-ին (Սին Էլ Ֆիլի դաշտ) Ահլի Սարպա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Ժամը 15:00-ին (Պհամտուն) Ուահտէ Շուֆ – Տապըլ Քիք
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Ժամը 11:00-ին, Ահտի դաշտ, Սաֆա Շուիթ – Ռիատի Սեպլին
Ժամը 13:30-ին, Ահտի դաշտ, Հիլալ Նասր – Ռապիթաթ Ուարտանիէ
Ժամը 14:30-ին, Պհամտունի դաշտ, Ռիատի Արամուն – Ռաուտա Տըքուանէ


