Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Էդուարդ Սփերձեանով հետաքրքրուած է սպանական Ժիրոնա ակումբը:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, ռուսական մամլոյ աղբիւրներ կը յայտարարեն այս լուրի մասին: Սպանական խումբը քանի մը մրցումէ ի վեր մօտէն կը հետաքրքրուի հայ միջնապահին ելոյթներուն եւ հաւանական է, որ այս ամառ ան փոխադրուի սպանական ակումբ, որ կը պայքարի մասնակցելու «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
Նախապէս Իտալիոյ «հսկան»` Եուվենթուս հետաքրքրուած էր Սփերձեանի ծառայութիւններով, բայց շատ լուրջ չէին ըստ երեւոյթին:


