Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շարունակեց իր յաղթարշաւը, եւ անոր վերջին «զոհ»-ն էր Ահլի Սարպան, որ 47-րդ վայրկեանին դաշտին վրայ օրինական թիւ չունենալուն պատճառով (նուազագոյնը 7 պէտք է ըլլայ), իրաւարարը մրցումը աւարտեց 6-0 արդիւնքով:
3-րդ վայրկեանին Դ. դասակարգի լաւագոյն կոլսքորըրը` Եուսեֆ Համատէ, բացաւ մրցումին հաշիւը, որմէ 6 վայրկեան ետք նոյնինքն Համատէ նշանակեց իր եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 2-րդ կոլը:
Հասան Զաայթեր 10-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածեց 3-0-ի: 22-րդ վայրկեանին Եուսեֆ Համատէ ամբողջացուց իր հեթ թրիքը` նշանակելով ՀՄԸՄ-ի 4-րդ կոլը: 2 վայրկեան ետք Սէրժ Օսքեանի կարգն էր անցնելու կոլ սքորըրներու ցանկին վրայ, արդիւնք` 5-0: 45-րդ վայրկեանին Տիգրան Վարդան (Տիքօ) նշանակեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 6-րդ կոլը: Բ. կիսախաղին կրնար շարունակուիլ կոլերու փառատօնը, սակայն Ահլի Սարպա այնպէս յարմար տեսաւ եւ անուղղակի ձեւով «քաշուեցաւ» մրցումէն:
Այս ձեւով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր յաջորդական 7-7-րդ յաղթանակը արձանագրեց, եւ յաղթանակ մը եւս զինք պիտի հռչակէ Լեռնալիբանանի ախոյեան:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ տապըլ քիք հասան վերջին վճռական հանգրուանին, որուն կը մասնակցին Պէյրութի, հիւսիսային Լիբանանի, հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի լաւագոյն խումբերը:
Այս հանգրուանին 12 ընտրուած խումբերը` Պէյրութէն (1 կամ 2), Լեռնալիբանանէն (3 կամ 4), հիւսիսային Լիբանանէն (2), հարաւային Լիբանանէն (3) եւ Պեքաայէն (2), կը բաժնուին 2 խմբակներու, եւ չէզոք դաշտի վրայ 5 մրցում կատարելով կը յստականայ վերջնական դասաւորումը: 2 առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը երկու խմբակներէն կը բարձրանան Գ. դասակարգ:
Տակաւին կանուխ է յաջորդ հանգրուանին մասին խօսելու, որովհետեւ մեր դիմաց ունինք Հիլալ Նասր խումբը յառաջիկայ շաբաթ, եւ մրցումի առանձին կեդրոնացումի կարիքը կայ:
Ինչպէս նշեցինք, մրցում մը եւս յաղթելով Լեռնալիբանանի ախոյեան կրնանք հռչակուիլ, տիտղոս մը, որ մեր համակիրներուն պիտի ուրախացնէ: Տարիներէ ի վեր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի համակիրները ուրախութիւն չեն վայելած: Վերջին անգամ 2013-2014-ին ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-րդ դասակարգէն բարձրացած էր 2-րդ: Այդ տարեշրջանէն ետք` ոչ մէկ ուրախանալիք բան:
ՀՄԸՄ Պէյրութը 5 տարեշրջան մնալէ ետք 2-րդ դասակարգ, 2018-2019-ին ինկաւ 3-րդ դասակարգ, իսկ 2020-2021-ին` 4-րդ:
Նշենք, որ Պէյրութի շրջանի վերջին հանգրուանի մրցումները յետաձգուեցան, որովհետեւ առաջին 3 դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ուզեն նոյն ժամուն խաղալ իրենց մրցումները, եւ դաշտի բաւարար յարմարութիւն չկար այս շաբաթ: