Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Տարեշրջանը Հետաքրքրական Է, Բայց…

Յուլիս 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մաքլարենի վարորդ Լանտօ Նորիս կը կարծէ, որ Ֆորմիւլա 1-ը այժմ բաւական հետաքրքրական սկսած է դառնալ բաղդատմամբ վերջին տասնամեակին, սակայն 2026-ին տեղի ունենալիք փոփոխութիւնները կրնան «փոխել ամէն ինչ»:

«Անցեալ տարուան օրէնքներու վերջին փոփոխութիւններէն ետք ասիկա ամէնէն հետաքրքրական տարին եղաւ, եթէ նայինք առաջին խումբի եւ վերջին խումբի տարբերութեան համեմատութեան: Հիմա, որ ամէն ինչ ծայր աստիճան հետաքրքրական սկսած է դառնալ, նոր փոփոխութիւններ պիտի ըլլան», ըսաւ Նորիս:

Տարուան կէսն ենք, երբ 12 կրան փրիներ կատարուած են, իսկ 6 տարբեր վարորդներ շահած են կրան փրիներ, եւ շատ մը երկիրներու մէջ վերսկսած է Ֆորմիւլա 1-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, մանաւանդ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ուր միշտ գանգատ կ՛ըլլար, թէ յաղթականին անունը յստակ կ՛ըլլար վերջին տարիներուն, մրցումը չսկսած իսկ, մինչ ինքնաշարժներ հազուադէպօրէն իրար գերազանցելու կարողութիւնը ունէին, մանաւանդ երբ սկսաւ Ռետ Պուլի գերակայութիւնը մօտ 3 տարի առաջ:

Ֆորմիւլա 1-ի պատասխանատու մարմինը անցեալ ամսուան սկիզբը շարք մը փոփոխութիւններ որոշած էր ի զօրու դարձնել 2026-ի մրցումներուն մասնակցող 10 խումբերուն համար, մասնակցող ինքնաշարժները դարձնելով աւելի ճկուն, ապահով, արագ եւ մրցակցելու պատրաստ, նաեւ իբրեւ յաւելեալ կարելիութիւն գործածելով բարդի դրութիւնը (պաթերի), աւելի թեթեւ ինքնաշարժներ եւ յառաջդիմած հովի շարժման սարքերով (այրօտայնիմիքս), ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու մեքենաներու փոփոխութիւններ, 2014-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:

Ֆորմիւլա 1 կը փորձէ յաւելեալ առիթ տալ խումբերուն, որպէսզի կարելիութիւնը ունենան անցնելու զիրար` յաւելեալ մղիչ ուժ տալով ետ մնացած ինքնաշարժին բարդի ուժը օգտագործելով, երբ առչեւի ինքնաշարժին հետ 1 երկվայրկեանի տարբերութիւն ունենայ:

2021-ին Վերշթափըն եւ 7 տարի աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթըն (Մերսետես) մրցակցեցան մինչեւ վերջին մրցումի վերջին երկվայրկեանները, Ֆորմիւլա 1-ի ամէնէն հետաքրքրական տարեշրջաններէն մէկուն:

Յաջորդ տարի նոր օրէնքներով, Ռետ Պուլ 44 իրերայաջորդ մրցումներէն 39-ին յաղթեց (2022 եւ 2023) այնպիսի ձեւով, որ ձանձրանալի  դարձուց մարզաձեւը:

«Կրնաս մեծ առաւելութիւն ունենալ (նոր օրէնքներով), եւ հանդիսատեսները պիտի ըսեն, թէ անգամ մը եւս ձանձրացուցիչ եղաւ: Եթէ նայիս հիմա, երբ խումբերը գտած են ձեւը մօտենալու եւ շահելու, պէտք չունիս օրէնք փոխելու», ըսաւ Նորիս:

Ախոյեան Վերշթափըն ըսաւ. «Այնքան ատեն որ օրէնքները չեն փոխուիր, խումբերու մակարդակը իրար կը մօտենայ: 2026-ին ամէն ինչ սկիզբէն կը սկսի»:

«Յաճախ փոփոխութիւններէն կարգ մը խումբեր աւելի կ՛օգտուին, քան ուրիշներ: Յուսանք, որ նոր օրէնքները բոլորին համար լաւ կ՛ըլլան», ըսաւ Համիլթըն:

«Չորս խումբեր 8 ինքնաշարժներով կը մրցին առաջին դիրքի համար. այդ պատճառով ալ տարբեր վարորդներ կը շահին մրցումները: Կարծեմ հանդիսատեսին ուզածը այս է: Չեմ կարծեր, որ այսպէս ըլլայ վիճակը 2026-ին», աւելցուց Նորիս:

Նորիսի խմբակից Օսքար Փիաթրի յայտնեց, թէ խումբերը հազիւ սկսան մրցիլ Ռետ Պուլի հետ, եւ այս տարիները (2024 եւ 2025) հետաքրքրական ըլլալով հանդերձ, Ֆորմիւլա 1-ը պիտի փոխէ վիճակը:

Մէկ բան անյստակ կը մնայ, թէ ո՛ր խումբը առաւելագոյն ձեւով կրնայ օգտուիլ փոփոխութիւններէն, եւ արդեօք խումբերը իրար մօտ պիտի ըլլա՞ն, ինչպէս որ կ՛ուզեն Ֆորմիւլա 1-ի պատասխանատուները, թէ պիտի վերադառնանք մրցումը չսկսած կռահելու, թէ ո՛վ պիտի շահի:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Սկսաւ Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային Հաւաքը

Յաջորդը

Հումելզ Կրնայ Միանալ Պոլոնիայի

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?