Պայերն Միւնիխի բերդապահ եւ խմբապետ Մանուէլ Նոյըր կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ան հարց չունի օր մը խաղալու եւ մասնակցելու «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) մրցումներուն:
Նոյըր յայտնած է, որ այլ երկիր տեղափոխուիլը լաւ բան կրնայ ըլլալ, եւ վերջերս այդ հարցը քննարկած է իր նախկին խմբակից Պասթիան Շվայնշթայկըրի հետ:
38 տարեկան Նոյըր, որ հակառակ յառաջացած տարիքին տակաւին կը մնայ լաւագոյն բեդրապահներուն կարգին, Պայերնի հետ պայմանագրութիւն ունի մինչեւ 2025:
Անցեալ տարեշրջանին Նոյըր Պայերն Միւնիխի հետ կատարած է 33 մրցում եւ ստացած 43 կոլ: Ան 10 մրցումներ «Քլին շիթ» (առանց կոլ ստանալու) կատարած է:
Նոյըր 2011-ին լքած էր Շալքէն եւ միացած Պայերնին ու կատարած 345 մրցուներ: Ան Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ 124 մրցում կատարած է 2009-էն ի վեր: