Երէկ առաւօտեան վերջ գտաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Քոփա Ամերիքան, ուր ախոյեան Արժանթին յաջորդական երկրորդ մրցաշարքը ըլլալով յաղթական դուրս եկաւ, երկարաձգման 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Քոլոմպիան:
2021-ին ալ շահած Արժանթինի խմբապետ Մեսսի, որ վիրաւորուեցաւ, հաւանաբար կատարած ըլլայ իր վերջին միջազգային մրցաշարքը:
Քոլոմպիա շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, որ 1 ժամէ աւելի ուշացաւ, երբ հազարաւոր համակիրներ փորձած էին դաշտ մտնել առանց մուտքի կտրօններու` պատճառ դառնալով իրարանցումի եւ կռիւներու:
Քորտոպա 7-րդ վայրկեանին ցնցեց Արժանթինի բերդին սիւնը, մինչ Ճեֆերսոն Լիրմա եւ Ռիչարտ Ռիոս հեռուէն հարուածներով փորձեցին ճնշում բանեցնել Արժանթինի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեսի վրայ, որ մնաց անսխալ զսպելով հարուածները:
36-րդ վայրկեանին Սանթիակօ Արիասի հետ զարնուելէ ետք Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսի կրունկը ցաւցուց եւ հակառակ դարմանումի ենթարկուելուն «շատ լուռ» մրցում մը ունեցաւ:
Քոլոմպիա Բ. կիսախաղին յարձակումի անցաւ կրկին եւ Արիաս ու Տաւինսոն Սանչես կոլ նշանակելու առիթներ ստեղծեցին:
Արժանթին դիմացաւ ճնշումին, բայց 66-րդ վայրկեանին մթնոլորտը փոխուեցաւ, երբ Մեսսի կաղալով փոխարինուեցաւ: Արժանթին կրցաւ կոլ մը նշանակել, սակայն օֆ-սայտի դրօշը ջնջեց զայն, մինչ 2 վայրկեան առաջ (74-րդ վայրկեանին) քոլոմպիացի մարզիկները փենալթի կը պահանջէին, երբ ՎԱՐ-ի իրաւարարները դիմեցին կեդրոնի իրաւարարին, որ ինք վճռէ: Փենալթին նկատի չառնուեցաւ, եւ մրցումը շարունակուեցաւ:
88-րդ վայրկեանին Անխել Տի Մարիա լաւ փոխանցում մը կատարեց Նիքոլաս Կոնսալեսին, որ զարմանալիօրէն չկրցաւ գնդակը զետեղել Քոլոմպիոյ բերդին մէջ:
Դիմուեցաւ երկարաձգումի: Կոնսալես, որ փոխարինած էր Մեսսին եւ օֆ-սայտով կոլ ալ նշանակած էր, 95-րդ վայրկեանին մեծ քառակուսի խուժեց հասնելով փոխանցումի մը եւ գետնէն զօրաւոր հարուած մը տուաւ, բայց Քամիլօ Վարկաս արթուն էր եւ փրկեց Քոլոմպիոյ բերդը:
Վայրկեան մը ետք դաշտ ներկայացաւ Ինթեր Միլանի կոլ-սքորըր Լաութարօ Մարթինես, որ փոխարինեց Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկ Խուլիան Ալվարեսը:
102-րդ վայրկեանին, Ճոն Արիաս գեղեցիկ հարուածով մը փորձեց նշանակել Քոլոմպիոյ եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն Թոթենհամի պաշտպան Քրիսթիան Ռոմերօ կրցաւ զսպել զայն:
108-րդ վայրկեանին Տի Մարիա փորձեց փոխանցել Մարթինեսի, որ չկրցաւ լաւ տիրապետել գնդակին:
Վայրկեան մը ետք, Միկել Պորխա փենալթիի կէտին մօտէն հարուածեց դէպի բերդ… Բայց մրցակից պաշտպան մը փրկեց կացութիւնը:
112-րդ վայրկեանին, Լաութարօ Մարթինես լաւ փոխանցում մը ստանալէ ետք քիչ մը յառաջացաւ եւ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
123-րդ վայրկեանին, պրազիլցի իրաւարար Ռաֆայել Քլաուս անգամ մը եւս մերժեց արժանթինցի պաշտպանին կարծր թաքըլը փենալթի սուլել, հակառակ քոլոմպիացիներուն գանգատներուն: Քիչ ետք ՎԱՐ-ի իրաւարարները մրցումը ընդհատեցին` վերատեսութեան ենթարկելու համար փենալթիի որոշումը, որ կրկին անգամ փենալթի զլացաւ քոլոմպիացիներուն: Արդէն քանի մը երկվայրկեաններ եւ Մայեմիի Հարտ Ռոք սթետիումը 65.300 համակիրներով դարձաւ տօնակատարութեան վայր, ուր Արժանթին 16-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Քոփա Ամերիքայի տիտղոսակիր:
Քոլոմպիոյ 28 անյաղթ մրցումներու շարքն ալ վերջ գտաւ վերջին պարտութենէն` փետրուար 2022-էն (անգամ մը եւս Արժանթինի դէմ) ի վեր:
Հակառակ պարտութեան, Քոլոմպիա շատ լաւ մրցաշարք ունեցաւ` ցուցադրելով գեղեցիկ ֆութպոլ, եւ կրնանք ըսել, որ նոյնիսկ աւարտականին աւելի արժանի էր յաղթանակի, բայց ֆութպոլը միշտ արդար չէ:


