Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

July 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Չարլոթի դաշտին վրայ (Նորթ Քարոլայնա), 74.500 համակիրներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Քոփա Ամերիքայի 3-րդ դիրքի մրցումը` Ուրուկուէյի եւ Քանատայի միջեւ:

Առաջին կիսախաղին Քանատա շատ առիթներ ստեղծեց, սակայն Բ. կիսախաղին Ուրուկուէյ աւելի լաւ էր, բայց մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, ապա վճռող փենալթիներուն ժամանակ Քանատա տեղի տուաւ աւելի փորձառու կամ բախտաւոր Ուրուկուէյի առջեւ:

Մրցումը սկսաւ շատ արագ յարձակումներով: Թոթենհամի միջնապահ Ռոտրիկօ Պենթանքուր ինքն իր վրայ դառնալով հարուածեց դէպի բերդին վերի անկիւնը` նշանակելով Ուրուկուէյի բացման կոլը, 8-րդ վայրկեանին: 18-րդ վայրկեանին այլ յարձակում մը ի նպաստ Ուրուկուէյի լաւապէս չզսպուեցաւ Քանատայի բերդապահ Տէյն Սեն Քլերի կողմէ:

22-րդ վայրկեանին գնդակը հասաւ Իսմայէլ Քոնքի, որ կռնակը կոլին ըլլալով դէպի ետ հարուածեց գնդակը` տապըլ քիքի նման խաբելով Ուրուկուէյի բերդապահ Սերխիօ Ռոշեթը: Արդիւնք` 1-1:

Վայրկեան մը հազիւ անցած, Ուրուկուէյ նշանակեց 2-րդ կոլ մը, սակայն ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն երկար ստուգումներէ ետք:

31-րդ վայրկեանին, կասկածելի ֆաուլ մը կատարուեցաւ Մաթիաս Վինիայի վրայ Քանատայի մեծ քառակուսիին մէջ, սակայն իրաւարարը չնկատեց զայն:

42-րդ վայրկեանին կատարուեցաւ Քանատայի վտանգաւոր յարձակում մը, երբ Ալի Ահմետի օդէն փոխանցում մը տուաւ Թանիթօ Օլուասէյի, որուն գլխու հարուածը անցաւ Ուրուկուէյի բերդին մօտէն:

2 վայրկեան ետք, Ճոնաթըն Օսորիօ ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք հարուածեց դէպի Ուրուկուէյի բերդը, սակայն Ռոշեթ լաւ ձեւով զսպեց: Գնդակը վերստին հասաւ Օսորիոյի, որ այս անգամ գետնէն հարուածեց` խաբելով բերդապահը, սակայն յետսապահ մը գիծին վրայէն զսպեց:

Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ վեթերան Լոփս Սուարես, որ փոխարինեց Լիվըրփուլի անբախտ յառաջապահ Տարուին Նունիեսը:

37 տարեկան Սուարես, որ վերջերս միացած էր Ինթեր Մայեմիին` դառնալով Լիոնել Մեսսիի խմբակիցը, բաւական վտանգեց Քանատայի բերդը:

61-րդ վայրկեանին Օլուասէյի (Քանատա) հարուածեց դէպի Ուրուկուէյի բերդը, սակայն Ռոշեթ արթուն էր եւ զսպեց հարուածը:

78-րդ վայրկեանին Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ Ուրուկուէյի հետ անմոռանալի կոլ մը պիտի նշանակէր, սակայն անոր ռմբային հարուածը դպաւ Քանատայի բերդի ձողին: 2 վայրկեան ետք, Քոնէ քիչ մնաց խաբէր Ուրուկուէյի բերդապահ Ռոշեթը, որ 2 անգամով զսպեց հարուածը, սակայն վրայ հասաւ Ճոնաթըն Տէյվիտ, որ նեղ անկիւնէն նշանակեց Քանատայի 2-րդ կոլը: Կը կարծուէր, որ Քանատա պիտի յաղթէր, սակայն Լուիս Սուարես 92-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը:

Դիմուեցաւ փենալթիներու, ուր Քոնէ չկրցաւ խաբել Ռոշեթը, մինչ վերջին փենալթին կորսնցուց Պայերն Միւնիխի ձախ յետսապահ Ալֆոնսօ Տէյվիս, որ Փանենքա ձեւով փորձեց խաբել Ռոշեթը, սակայն գնդակը դպաւ Ուրուկուէյի բերդի ձողին: Ուրուկուէյի 10-րդ 3-րդ դիրքի մրցումն էր այս, որ մրցանիշ մըն է:

Նշենք, որ աւարտական մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, առաւօտեան ժամերուն, ախոյեան Արժանթինի եւ Քոլոմպիոյ միջեւ:

Միայն աւարտական մրցումին պիտի դիմուի երկարաձգման, եթէ խումբերը հաւասարութեամբ աւարտեն մրցումը 90 վայրկեաններ ետք:

Նախորդը

Թենիս. Քրէյչիքովա Շահեցաւ Աղջկանց Տիտղոսը

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի 2-0

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.