Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան 3-րդ դասակարգի 3-րդ դիրքի մրցումներուն, Հայաստանի պատանիները (16 տարեկանէն վար) 71-63 արդիւնքով յաղթեցին Ազրպէյճանին:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Դաւիթ Կակոյեան, որ նշանակեց 7 կէտ, ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ: Ռաֆայէլ Մասումեան նշանակեց 20 կէտ:
Նոյն դասակարգի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի պատանի աղջկանց խումբը 77-71 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանին եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը: Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Լիլիթ Գէորգեան, որ նշանակեց 22 կէտ եւ ձեռք ձգեց 12 ռիպաունտ:


