Երէկ Գերմանիոյ ազգային խումբի եւ Պայերն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր պաշտօնապէս յայտնեց, թէ ազգային խումբին հետ իր ասպարէզը աւարտած է:
Գերմանացի յարձակող միջնապահը իր վերջին մրցումը կատարեց Եուրոյի քառորդ աւարտականին Սպանիոյ դէմ (2-1):
«Ես միշտ հպարտ եղած եմ իմ երկիրս ներկայացնելու համար: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին, որ առիթ տուին մասնակցելու ազգային խումբին հետ», յայտնեց Միւլըր «Եութիուպ»-ի ալիքէն:
Միւլըր, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին կը բոլորէ իր 35 տարիները, 2010-էն ի վեր մաս կը կազմէ ազգային խումբին, կատարած է 131 մրցումներ, որոնց ընթացքին նշանակած է 45 կոլ: Ան դարձաւ Գերմանիոյ պատմութեան ամէնէն աւելի տիտղոսներ շահող մարզիկը (27 տիտղոս):