Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կարեթ Սաութկէյթ, որ 2016-էն ի վեր նշանակուած էր Անգլիոյ մարզիչ, ճնշումի տակ կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ կարգ մը թղթակիցներ եւ փորձառու մեկնաբաններ կը կարծեն, թէ ան այլեւս պէտք է հեռանայ ազգային խումբէն:
Արդէն իսկ անունները կը տարածուին իբրեւ յաջորդներ, ինչպէս Կրահամ Փոթըր, Էտի Հաու, Մաուրիսիօ Փոչեթինօ եւ նոյնիսկ Թոմաս Թուխել:
Ըստ աղբիւրներու, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը ցանկայ, որ Սաութկէյթ մնայ իր պաշտօնին վրայ, սակայն վերջինս կրնայ չդիմանալ զինք քննադատողներու յարձակումներուն եւ հրաժարական ներկայացնէ:
Նշենք, որ Անգլիա Սաութկէյթի հետ 2 յաջորդական Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքերու աւարտական մրցումին հասաւ` դառնալով փոխախոյեան:
Բազմաթիւ մեկնաբաններ կը կարծեն, թէ Սաութկէյթ շատ զգուշ եւ «վախկոտ» խաղաոճ կը կիրարկէ` շատ լաւ մարզիկներ ունենալով հանդերձ:


