Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի 2-0

July 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդները ժամը 1:30-ին տաքնալու սկսան… Դաշտը մարդ չկար, մրցակից խումբ չկար… իրաւարար չկար… ժամը 1:50-ին մրցակից խումբը հասաւ: Մրցումի ազդանշանը ժամը 2:00-ին էր, սակայն ըստ երեւոյթին մոռցուած էր, թէ մրցում տեղի պիտի ունենար, եւ հեռաձայններէ ետք 2 իրաւարարներ հասան դաշտ, երբ մօտ ժամը 2:15 էր, եւ աւելի ուշ հասաւ նաեւ 3-րդ իրաւարարը: Այս բոլորը չազդեցին ՀՄԸՄ-ի տղոց վրայ, որոնք լաւապէս կեդրոնացած էին մրցումին վրայ, եւ մարզիչ Գէորգ Բարսեղեանի ցուցմունքներով լաւ կը ճնշէին մրցակիցին վրայ, ամէն անգամ որ գնդակը իրենց հետ ըլլար:

Գնդակը ՀՄԸՄ-ի հետ էր ընդհանրապէս եւ անիկա կը տիրապետէր, բայց առանց աճապարելու` մրցակիցը յոգնեցնելու դիւրին փոխանցումներ կատարելով: Քոռնըրի մը վրայ Արա Ճեմեզեան կրցաւ նշանակել ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը` 24-րդ վայրկեանին:

Նոյն ձեւով շարունակուեցաւ ընթացքը, եւ ամէն անգամ որ մրցակիցը գնդակին կը տիրանար, բոլոր տղաքը կը ճնշէին անոր վրայ, որ չէր դիմանար, եւ սխալ փոխանցումով կը վերատիրանայինք գնդակին:

Պարագայի մը, երբ փրեսինկով տիրացանք գնդակին, Յովիկ Տիշչեքենեան անմիջապէս հարուածեց նշանակելով ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը:

Բ. կիսախաղին, աւելի հանգիստ խաղալով, տղաքը իշխեցին խաղին մրցակիցին առիթ չտալով, եւ արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Պէտք է ըսել, որ տղոց խաղարկութիւնը հետզհետէ կը լաւանայ, եւ անոնք բաւական սկսած են իրար հասկնալ` նկատի ունենալով, որ խումբը կարճ ժամանակի մէջ կազմուեցաւ, եւ անոր անդամները 4 մրցումներ կատարած են միասին:

Յառաջիկայ շաբաթ տղոց 5-րդ մրցումն է եւ երթի վերջին մրցումը` Շիյահի խումբին դէմ, ապա կը սկսին դարձի 5 մրցումները:

Նշենք, որ շաբաթ օր Շիյահ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաֆա Շուէյֆաթէն, իսկ տապըլ քիք – Նըժմեթ Սահրա մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով:

Ստորեւ դասաւորումը` 4 մրցումներէ ետք.

ԿԷՏ
1.- Սաֆա Շուէյֆաթ 9 (9-6)
2.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 9 (14-4)
3.- Տապըլ Քիք 7 (8-7)
4.- Շիյահ 6 (8-7)
5.- Սահել Մեթն Շիմալի 3 (3-9)
6.- Նըժմեթ Սահրա 1 (8-17)
Նախորդը

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

Յաջորդը

Փեզեշքիան. «Թեհրան Առաջնահերթութիւն Պիտի Տայ Դրացիներու Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.