Սպանացի Քարլոս Ալքարաս երէկ շահեցաւ Ուիմպըլտընի տղոց մրցաշարքը, աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք սերպ Նովաք Ճոքովիչը` 6-2, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով, 2 ժամ 30 վայրկեաններու ընթացքին:
21 տարեկան Ալքարաս 37 տարեկան Ճոքովիչի դէմ դժուարութիւն չունեցաւ անցեալ տարուան աւարտականին նման, ուր 5 ժամի չափ պայքար մղուած էր: