Լոնտոնի Չելսի ակումբը այս ամառ պիտի փորձէ ձեռք ձգել նիկերիացի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը, Իտալիոյ Նափոլի խումբէն:
Անոր փոխանցման արժէքը նուազեցնելու միտումով, Չելսի պիտի առաջարկէ պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուն եւ իտալացի միջնապահ Չեզարէ Քասատէյը փոխանցել Նափոլիին:
Օսիմենի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրոյով: Ան 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ Նափոլիին: Անցեալ տարեշրջանին ան 32 մրցումներ կատարած է Նափոլիի հետ` նշանակելով 17 կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ: