Վերջին շաբաթներուն տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընէին, թէ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի մտադիր է պայմանագրութիւն մը կնքել Լայփցիկի սպանացի միջնապահ Տանի Օլմոյի հետ: Շշուկներ կային, թէ «Սիթիզընզ» մտադիր են 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն ձեռք ձգել 26 տարեկան Օլմոն, որ շատ յաջող ելոյթներ ունեցաւ Եուրօ 2024-ին:
Երկուշաբթի օր յստակացաւ, թէ Մանչեսթըր քաղաքի ակումբը մտադիր չէ առաջարկ ներկայացնել գերմանական Լայփցիկին` ձեռք ձգելու Օլմոն: Մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա մեծ համակիր է Օլմոյի եւ միշտ փափաք ունի Օլմոն միացնելու իր խումբին, սակայն, ըստ երեւոյթին, այլ դիրքերու վրայ կեդրոնանալը աւելի կարեւոր է հիմա:
Նշենք, որ Պայերն Միւնիխ իր կարգին նպատակ ունի ձեռք ձգելու Օլմոն, եթէ անոր հիմնական նպատակը` Չաւի Սիմոնզի հետ համաձայնութիւն կնքելը յաջողութիւն չգտնէ: Նետերլանտներու միջնապահ Սիմոնզը այժմ ազատ մարզիկ է եւ վերադարձած է իր հիմնական ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, 1 տարի փոխ տրուելէ ետք Լայփցիկի:
Նշենք, որ Անգլիոյ Արսենալը իր կարգին կը փորձէ ձեռք ձգել Սիմոնզը:
Միւս կողմէ, ֆրանսացի ձախ ծայրի յառաջապահ Տեզիրէ Տուէ (19 տարեկան), որ Ռենի հետ լաւ տարեշրջան մը բոլորեց` նշանակելով 7 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ, Պայերն Միւնիխի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի ուշադրութիւնը գրաւած է: