Վաղը յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը պիտի մրցի Սահել Մեթն Շիմալի խումբին դէմ, 20 տարեկանէն վար Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին գծով:
ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները 2 մրցումներու հանգիստ յաղթելէ ետք թերեւս կարծեցին, թէ «առանց քրտնելու» կրնան բոլոր մրցումները յաղթել: Յուսանք, որ տղաքը սորված կ՛ըլլան բնաւ մրցակից չդատել իր նախկին արդիւնքներէն, եւ սկիզբէն լրջօրէն դաշտ կը ներկայանան ու 1-2 կոլ նշանակելէ ետք է, որ կրնան քիչ մը աւելի հանգիստ խաղալ:
Սահել Մեթն խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր ՀՄԸՄ-ի անցեալ շաբթուան մրցակից Սաֆա Շուէյֆաթը, ապա 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած Շիյահէն: Անցեալ շաբաթ 4-1 արդիւնքով պարտուած Սահել Մեթն խումբը (Տապըլ Քիքէն) պիտի փորձէ իր առաւելագոյնը տալ ՀՄԸՄ-ի դէմ, որ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Սաֆա Շուէյֆաթէն:
Նոյնն է պարագան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին, որ իր կարելին պիտի ընէ ցոյց տալու համար, թէ անցեալ շաբթուան պարտութիւնը պարզապէս կեդրոնացումի պակաս էր, եւ ամէն ինչ պիտի սրբագրուի եւ խումբը վերադառնայ յաղթանակներու գիծին:
4 խումբեր այժմ կը գրաւեն առաջին դիրքը` միայն իրարմէ բաժնուելով իրար դէմ մրցումներու արդիւնքով:
Վաղուան մրցումներուն, Տապըլ Քիք պիտ մրցի Նըժմեթ Սահրայի դէմ, որ որեւէ կէտ չունի տակաւին, մինչ Սաֆա Շուէյֆաթ եւ Շիյահ, որոնք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Սապըլ Քիքի նման 6-ական կէտեր ունին, պիտի մրցին իրար դէմ:
Յուսանք, որ Անսարի դաշտին վրայ մեծ կ՛ըլլայ նաեւ թիւը ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնք կը քաջալերեն տղաքը` ձեռք ձգելու 9-րդ կէտը: