1 ամիս եւրոպական ֆութպոլի փառատօնէ մը ետք, վաղը վերջ կը գտնէ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը` Պերլինի ողիմպիական դաշտին վրայ աւարտական մրցումով` Սպանիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ:
Սպանիա թիւ 1 թեկնածուն է իր արագ, կայուն ֆութպոլով, որուն շնորհիւ արձանագրած է 6 յաջորդական յաղթանակներ: Անգլիա իր խմբակի մրցումը յաղթանակով աւարտելէ ետք արձանագրած էր 2 հաւասարութիւն, իսկ նաք-աութի հանգրուաններուն, յետ երկարաձգման, կրցած էր յաղթել Սլովաքիոյ (2-1), ապա փենալթիներով` Զուիցերիոյ: Կիսաւարտականին 2-1 արդիւնքով Նետերլանտներուն յաղթելէ ետք, Անգլիա վերջապէս քիչ մը համոզիչ ֆութպոլ խաղցած էր` ուրախացնելով իր համակիրները եւ առաջին անգամ ըլլալով հասնելով աւարտականի մը կարեւոր մրցաշարքի մը` իր դաշտէն դուրս:
Սպանիա 4 անգամ հասա է Եուրոյի աւարտականին` շահելով 3 անգամ, մինչ Անգլիա վերջին Եուրոյին ալ իր դաշտին վրայ հասած էր եւ պարտուած Իտալիայէն, վճռական փենալթիներով:
Խումբերը իրար դէմ վերջին անգամ մրցած են 2018-ին, ուր Անգլիա կրցած էր Սպանիոյ դաշտին վրայ յաղթել 3-2 արդիւնքով, «Ազգերու լիկա»-ի մրցումներուն գծով: Ամիս մը առաջ, Սպանիա յաջողած էր Անգլիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթել:
Եթէ վերադառնանք իրենց առաջին ճակատումին` 1950-ին Պրազիլի մոնտիալին, Սպանիա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Անգլիոյ:
1968-ի Եուրոյին Անգլիա երթ (1-0) ու դարձին (1-2) յաջողած էր յաղթել Սպանիոյ, ապա 1980-ի Եուրոյին (2-1) Անգլիա յաջողած էր անգամ մը եւս յաղթական դուրս գալ: 1982-ի Մոնտիալին հաւասար մնալէ ետք (0-0), 1996-ին Եուրոյին Անգլիա փենալթիներով յաղթած էր Սպանիոյ վերջին պաշտօնական ճակատումին:
Անգլիա իր նախկին 6 մրցումներուն նշանակած է 7 կոլ` ստանալով 4, մինչ Սպանիա 13 նշանակած է` ստանալով 3:
Տանի Օլմօ 3 կոլ նշանակած է ի նպաստ Սպանիոյ, մինչ Հերի Քէյն 3 կոլ նշանակած է Անգլիոյ տարազով այս մրցաշարքին: Միջնապահներ Ֆապիան Ռուիս (Սպանիա) եւ Ճուտ Պելինկհամ (Անգլիա) 2-ական կոլ նշանակած են:
Օրուան իրաւարարը պիտի ըլլայ ֆրանսացի 35 տարեկան Ֆրանսուա Լեթեքսիէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը ղեկավարած էր Լիոնի եւ Փարիզի Սեն Ժերմենի միջեւ: Ան Եուրօ 2024-ի մրցաշարքին ալ ղեկավարած է Խրուաթիա-Ալպանիա, Դանիա-Սերպիա եւ Սպանիա-Վրաստան մրցումները:
Ան պիտի դառնայ ամէնէն երիտասարդ իրաւարարը, որ կը ղեկավարէ Եուրոյի աւարտական մրցում մը` բարելաւելով շուէտացի Անտերս Ֆիսքի (37 տարեկան) 2000-ի Եուրոյի աւարտականի մրցանիշը:
Ան պիտի դառնայ առաջին ֆրանսացի իրաւարարը Միշել Վոթրոյէն ետք, որ 1988-ի Եուրոն սուլած էր: