Ինթեր Մայեմիի երկու աստղեր Լիոնել Մեսսի եւ Լուիս Սուարես պիտի բացակային «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու) ախոյեանութիւն «Օլ Սթար» մրցումէն` վիրաւոր ըլլալու պատճառով:
Մեսսի Արժանթինի հետ Քոփա Ամերիքայի մրցումներուն ժամանակ կրունկը վիրաւորած էր, մինչ Սուարես ծունկի ցաւէ կը տառապի` իր կարգին Ուրուկուէյի հետ Քոփա Ամերիքայի մրցումներուն ժամանակ վիրաւորուելուն պատճառով:
Նշենք, որ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի եւ Մեքսիքայի ախոյեանութեան բոլոր աստղերու մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի օր (վաղը գիշեր):
Ինթեր Մայեմի Արեւելեան շրջանի ախոյեանութեան պարագլուխ դիրքը կը գրաւէ 53 կէտով` 5 կէտի առաւելութիւն ունենալով 2-րդ դիրքը գրաւող Սինսինաթթիի վրայ:


